
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Օգոստոս 8ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Զենոպ Ա. քհնյ. Նալպանտեանի «Այգեստան Հայ Դպրութեան» եւ «Հայաժառանգ Գանձեր» հատորներուն ներկայացումը: Երեկոյի հանդիսավարն էր Բարսեղ Գարթալեան:
Ելոյթ ունեցան դոկտ. Մինաս Գոճայեան եւ Նազիկ Գոճայեան: Նկատի ունենալով, որ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան, որ այցելու հոգեւոր հովիւն է Տենվըրի Հայց. եկեղեցիին, հոգեւոր անակնկալ առաքելութեամբ մեկնած էր Տենվըր, անոր պատրաստած գրաւոր ներկայացումը ընթերցեց Մամբրէ Ա. քհնյ. Քեսապեանը:
Առաջնորդը իր փակման խօսքին մէջ գնահատեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան յղացած այս գեղեցիկ գաղափարը՝ գրասէր հասարակութեան ներկայացնել Զենոպ Ա. քհնյ. Նալպանտեանի հեղինակած երկու հատորները: Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց գիրքերը ներկայացնողներուն, ապա շնորհաւորեց հեղինակ տէր հայրը՝ գրական մարզէն ներս նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով:
Տէր հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ յայտագիրի բոլոր մաս կազմողներուն ու գրասէր հասարակութեան:
Հատորները կը բաղկանան 76 յօդուածներէ եւ նիւթերէ՝ հայ ժողովուրդի կեանքին նուիրուած: Գիրքը կը պատասխանէ հայրենասիրութեան, հայ ինքնութեան պահպանման եւ ազգի կառուցման մասին հարցումներու: Գիրքէն օրինակ մը ստանալու համար, դիմել delta9687@yahoo.com հասցէին: