
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող «Շօուա» հիմնարկի «Ընդդիմութիւն ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը որոշած է ուսումնասիրական կրթանպաստ մը տրամադրել փրոֆ. Ռիչըրտ Հրայր Տեքմէճեանին, որ որոշած է քննել ցեղասպանութիւններէն առաջ տիրող պայմանները՝ ապագայի ցեղասպանութիւնները կանխատեսելու եւ անոնց առաջքը առնելու նպատակով:
Ան իր ուսումնասիրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Համիտեան ջարդերուն յաջորդած երկու տասնամեակներուն վրայ, որոնք Հայկական Ցեղասպանութեան առաջնորդեցին:
Պիտի ուսումնասիրուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նախօրեակին հայ, ամերիկացի եւ եւրոպացի մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու կամ այլոց կողմէ նկատուած նշանները, որոնց մասին գրելով, ելոյթներ ունենալով ու ցոյցեր կատարելով՝ փորձ կատարուեցաւ կանխելու Ցեղասպանութիւնը: Սակայն, ինչպէս գիտենք, անոնց ազդարարութիւնները անտեսուեցան, ինչպէս աւելի ուշ պիտի անտեսուէին Ռաֆայէլ Լեմքինի ազդարարութիւնները, որոնց հետեւանքով կարելի չեղաւ կանխարգիլել նաեւ Հրէական Ողջակիզումը:
Այս եւ աւելի ուշ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն քննարկումով, փրոֆ. Տեքմէճեանի ուսումնասիրութիւնը պիտի փորձէ պատասխանել հետեւեալ հարցումին. «Ներկայիս ընկերային գործիչները, հաստատութիւնները, գերպետութիւնները եւ համաշխարհային մարմինները որքանո՞վ ազդու են կասեցնելու ապագայի ցեղասպանութիւնները»: