ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին, Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէրիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման առնչուող հարցեր, մասնաւորապէս՝ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վստահութեան հաստատման ուղղուած քայլեր:
Ըստ Ուորլիքի, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ հանդիպումներու կազմակերպումը Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
Անցեալ շաբաթ, Ուորլիք ճանաչողական այցելութիւն կատարած էր դէպի Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.