
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի նիստը։
Ժողովի ընթացքին, նախ վաւերացուեցաւ յառաջիկայ տարիներու Կրօնական ժողովի աշխատանքի ուղեգիծը, ուր յատուկ կերպով կը շեշտուէր կրօնական դաստիարակութեան ու կաթողիկոսարանի երիտասարդաց բաժանմունքի աշխատանքները վերակազմակերպելու հրամայականը։ Բնականաբար, յիշեալ ուղեգիծը նաեւ կ՛անդրադառնար միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց, Դպրեվանքի առաքելութեան եւ այլ կարեւոր մարզերու։
Յիշեալ նիստին ընթացքին նաեւ զեկոյց տրուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Ս. Էջմիածինի մէջ երկու վեհափառ հայրապետներու ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ տեղի ունենալիք Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ժողովին մասին։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ յիշեալ ժողովին կատարուելիք աշխատանքներուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։
Յայտնենք, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը այս առաջին հանդիպման ընթացքին պիտի քննէ Հայ եկեղեցւոյ Մկրտութեան կարգը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը։ Ժողովը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ի առաւօտեան եւ զանոնք պիտի աւարտէ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27ին։
Յայտնենք, թէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբը Հայաստան մեկնեցաւ, մասնակցելու համար Եպիսկոպոսաց ժողովին։
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներուն՝ Ս. Էջմիածինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեանց եպիսկոպոսներու ժողովէն ետք, սրբազանը Արեւմտեան թեմ պիտի վերադառնայ Հոկտեմբերի սկիզբը։