ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ամէն անգամ, երբ տեղական քաղաքական բեմի վրայ իրագործում մը կ՛արձանագրենք, ամէն անգամ, երբ համայնքային միջոցներով յաջողութեան կը հասնինք, ամէն անգամ, երբ քայլ մը առաջ կը տանինք տեղական կամ ազգային նպատակներու ձգտող մեր աշխատանքները, խոր գոհունակութեան զուգահեռ՝ կը տրամադրուինք փոխադրուելու երազներու ու ցանկութիւններու աշխարհ, ուր աւելին անմատչելի չէ, աւելին անկարելի չէ, աւելին միայն քիչ մը անդին է… միայն եթէ իսկապէս կը ցանկանք, իսկապէս կ՛ուզենք:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այս ափին, մեր կարողականութեամբ համայնքին համար ո՛չ մէկ բան անկարելի պէտք է ըլլայ: Այս նախադասութեան պարզ թարգմանութիւնը այն է, որ ո՛չ մէկ խոչընդոտ, ո՛չ մէկ արգելք, ո՛չ առարկայական ազդակներ, ո՛չ ենթակայական զսպանակներ կրնան պատճառ ըլլալ, որ մենք ձախողինք, խեղճանանք ազգային մեծ ծրագիրներու առջեւ:
Բայց եւ այնպէս, յաճախ կը խեղճանանք, յաճախ աշխատանքի մը ձեռնամուխ ըլլալէ առաջ իսկ պարտուողականութեամբ համակուած կ՛ըլլանք ու կը սկսինք փոքրացնելու մեր առաջադրանքներու շրջանակները՝ մեր նահանջներն ու զիջումները արդարացնելու բառարանը ճոխացնելով:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այս ափին պէտք է մենք մերժե՛նք, մենք կրնա՛նք մերժել ամէն տեսակի խեղճութիւն, կրնանք կանգնիլ ամուր ու հզօր, կրնանք նետուիլ ամէն մեծ գործի ետեւէն, կրնանք՝ եթէ կ՛ուզէք պատկերաւոր արտայայտուինք՝ աստղերը վար բերել երկինքէն:
Կրնա՛նք, պէտք է կարենանք, որովհետեւ այսօր (եւ միշտ այսօրէն ետք կու գայ աւելի քան երբեքը) մենք հայրենիքը հզօրացնելու խնդիր ունինք, Հայաստանը ամրացնելու, անոր թեւ ու թիկունք դառնալու պարտք ունինք: Աւելին պահանջողը Հայաստանն է, հայրենիքն է, իսկ մենք ո՞վ ենք, որ ականջալուր չըլլանք անոր:
Իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի ափին ապրող հայեր, եկէ՛ք Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տօնի նախօրէին, ուժեղ ու հզօր համայնքի յատկանիշներով շարժելու եւ գործելու յանձնառութիւնը յայտարարենք:
Ապրիս
Անտարակոյսութիւն Է Ճշմարտութեան!!!