ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձաւ Հայաստան այցելող Քալիֆորնիոյ նահանգային պաշտօնատարներու Արցախ այցելութեան հարցին:
Այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլաեւ յայտարարեց, թէ «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ կատարուող ապօրինի այցելութիւններուն» նկատմամբ Պաքուի կեցուածքը անփոփոխ կը մնայ՝ պնդելով, թէ Արցախ այցելող Քալիֆորնիոյ նահանգային պաշտօնատարները «մաս կը կազմեն հայկական լոպիի ծայրայեղական շրջանակներուն»:
Ապտուլաեւ աւելցուց, թէ Քալիֆորնիոյ պատուիրակութեան մաս կազմող Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պապ Պլումընֆիլտ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին դիմած է՝ փափաք յայտնելով Արցախ այցելելու, սակայն հիւպատոսարանը անոր փոխանցած է, թէ անոնք, որոնք Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ» տարածքները կ՛այցելեն, մաս պիտի կազմեն Պաքուի կողմէ «անբաղձալի անձ» նկատուողներու ցանկին:
Ապտուլաեւ շեշտեց, թէ վերջերս «Նիւ Եորք Թայմզ»էն հինգ լրագրողներ դիմած են Պաքուի իշխանութեանց, որ իրենց արտօնութիւն տրուի Արցախ այեցելելու: Անոնք կ՛ուզեն նաեւ Պաքու այցելել: Ապտուլաեւ աւելցուց, թէ նախարարութիւնը կը քննէ անոնց դիմումը:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգային պաշտօնատարներու, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն ներկայացուցիչներու պատկարելի պատուիրակութիւն մը Հայաստան եւ Արցախ կ՛այցելէ Սեպտեմբեր 15էն 24ի միջեւ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար շրջանի քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային իրադարձութեանց: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզ եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած երկու կուսակցութիւններէն խորհրդարանականներ, որոնք այցելութեան հրաւէր ստացած էին Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.