– Սեպտեմբեր 16ին, Թուրքիոյ Կէօքչէատա (յունական անունով՝ Իմրոզ) կղզիին վրայ իր դռները վերաբացաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, որ 49 տարի առաջ փակուած էր՝ պետական որոշումով: Դպրոցը ներկայիս ունի միայն չորս աշակերտ, որովհետեւ Եգէականին վրայ գտնուող կղզիի յոյներուն մեծ մասը գաղթած է՝ թրքական հալածանքներուն հետեւանքով:
– Քուպայէն վարձուած Կուանթանամոյի մէջ գտնուող ամերիկեան զինուորական բանտին մէջ մէկ բանտարկեալ պահելու տարեկան ծախսը մօտաւորապէս 900,000 տոլար է, մինչ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ներս ապահովական ամենախիստ պայմաններու մէջ գտնուող բանտի մը պարագային, այդ գումարը 65,000 տոլար է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.