ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ կը գնահատէ «վայրագ յարձակում»ի ենթարկուող Սուրիոյ աջակցող Ռուսիոյ կեցուածքները՝ նշելով, որ այդ կեցուածքները «համաշխարհային նոր հաւասարակշռութիւն գտնելու յոյս կ՛արթնցնեն»:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարեց, որ «Դամասկոս վստահ է, որ Ապահովութկան խորհուրդը ՄԱԿի ուխտի 7րդ յօդուածին տրամադրութեան տակ որոշում մը պիտի չորդեգրէ»: Նշենք, որ 7րդ յօդուածը ուժի օգտագործումը կ՛արտօնէ՝ որոշումի չգործադրութեան պարագային:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի կոչ ըրաւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ որդեգրելու ազդու որոշում մը, որ կ՛աջակցի Սուրիոյ քիմիական զէնքերէն ձերբազատուելու շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան: Ան այդ համաձայնութիւնը նկատեց «կարեւոր»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հետաքննութեան խմբակի նախագահ Աքի Սելսթրոմ յայտարարեց, որ հետաքննիչները մօտ օրէն Սուրիա պիտի վերադառնան: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական բոլոր զէնքերը յայտնաբերելն ու վնասազերծելը դժուար պիտի ըլլայ՝ աւելցնելով, որ «առաքելութիւնը իրագործելի է, սակայն այդ մէկը կախեալ է սուրիական կառավարութեան ու ընդդիմութեան բանակցելու պատրաստակամութենէն»:
Ըստ անոր՝ միջազգային հետաքննիչները միայն կրցած են հաստատել, թէ իրենց Սուրիա ժամանումէն 5 օր առաջ ջղային համակարգը հարուածող «սարին» կազ օգտագործուած է, սակայն անոնք չեն կրցած գիտնալ, թէ ո՞վ օգտագործած այդ կազը:
Զինուորական գետնի վրայ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ իսլամ ծայրայեղականներ գրաւած են Թուրքիոյ սահմանակից Ազազ գիւղը՝ սպաննելով Սուրիական ազատ բանակէն զինեալներ ու առեւանգելով մօտաւորապէս 100 ուրիշներ:
Մէկ օր առաջ, Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու զինեալները, երկու օր տեւած եւ աւելի քան 20 զոհ պատճառած բուռն բախումներէ ետք՝ յաջողած էին «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» եւ «Ճապհաթ Նուսրա» ծայրայեղական կազմակերպութեանց զինեալները վտարել հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ Ռասուլ Այն քաղաքէն դէպի արեւելք գտնուող Ալուք գիւղէն: Սուրիական մարդկային իրաւանց հսկողութեան կեդրոնը յայտնեց, թէ իսլամականները Թուրքիոյ սահմանէն ներթափանցելով՝ յարձակում գործած էին գիւղին վրայ:
«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալները սկսած են Տէր Զօրի մէջ յարձակում գործելու Սուրիական ազատ բանակի դիրքերուն վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.