ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի պետական համալսարանի Հիւրերու տան մէջ 24-26 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ աշխատանքային քննարկում՝ նուիրուած սեւ խոռոչներու բնագիտութեան:
Հանդիպումը կը կրէ տարածաշրջանային բնոյթ եւ տեղի կ՛ունենայ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Տեսական բնագիտութեան միջազգային կեդրոնի «NET68» ցանցային նախագիծի ծիրին մէջ, որ կը ներառէ գիտնականներ Հայաստանէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Մարոքէն եւ Ուքրանիայէն (նախագիծի գլխաւոր կազմակերպութիւնը ԵՊՀն է): Հանդիպման կը մասնակցին 30 գիտնականներ՝ Իրանէն, Թուրքիայէն, Վրաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պրազիլէն, Քորէայէն, Հնդկաստանէն, Ռուսիայէն, Չինաստանէն եւ Թայլընտէն: Հանդիպման կը մասնակցէին համաշխարհային մակարդակի տեսաբան-բնագէտներ. փրոֆեսէօրներ Եան տը Պուրը (Ամսթրտամի համալսարան), Ֆինն Լարսենը (Միշիկընի համալսարան, Փենսիլվանիա), Ռուբէն Մինասեանը (Սաքլէ, Ֆրանսա), երիտասարդ հետազօտողներ Մոնիքա Քուիքան (Փենսիլվանիոյ համալսարան), Չեթան Քրիշնան (Պանքալոր, Հնդկաստան):
Հայաստանի մէջ սեւ խոռոչներու բնագիտութիւնը այնքան ալ տարածուած չէ, եւ հանդիպումը կը վարէ նշանաւոր տեսաբան բնագէտ, Թեհրանի բնագիտութեան եւ ուսողութեան հիմնարկի փրոֆեսէօր Շահին Շէյխ Ժապարը: Պատմական հայրենիքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուին ամերիկացի Ժարա Մարգարա Էվսլինան՝ Պէյճինկէն, եւ Էդգար Շագուլեանը՝ Սթենֆորտի համալսարանէն:
Հայ կազմակերպիչները գիտական մեծ ակնկալութիւններէն ունին այս հանդիպումէն: Անոնք նաեւ յոյս ունին, որ հանդիպումը Հայաստանի մէջ տարածաշրջանային նման հաւաքներու առաջին օղակը կը դառնայ եւ կը նպաստէ հայ բնագէտներուն՝ տարածաշրջանային համարկման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.