ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 25-28 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ վարչութիւնը:
25 Սեպտեմբերին նախարարը ելոյթ պիտի ունենայ Հարուըրտի համալսարանին մէջ: Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մեկնի Նիւ Եորք, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն: Նիւ Եորքի մէջ նախարար Նալբանդեան պիտի ունենայ զանազան երկկողմանի հանդիպումներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.