
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնին օրը՝ Սեպտեմբեր 21ին, Մեծն Պոսթընի մէջ կայացաւ տեղւոյն Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին կազմակերպած քերմէսը: Այս տարի, նոյնքան խանդավառութեամբ կատարուեցաւ քերմէսը, որուն յաջորդեց երաժշտական երեկոն:
Արդարեւ, աւելի քան չորս հարիւր այցելողներ ժամանեցին քերմէսին վայրը, որ տեղադրուած էր կեդրոնին պատկանող կառատան շրջափակին մէջ:
Այս առթիւ ներկայ էր Մաեսեչուսեցէն քոնկրեսի թեկնածու Փիթըր Գութուճեան, որ իր շնորհակալական խօսքր փոխանցեց եւ կոչ ուղղեց գաղութին, որ նեցուկ կանգնի, իր թեկնածութեան:
Պոսթընի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի անդամները ցոյց տուին իրենց նուիրումն ու անաչառ եւ հետեւողական աշխատանքը: Գործի լծուած էին բոլոր տարիքի պոսթընահայերը: Անոնք տրամադրած էին ամբողջ շաբաթ օր մը: Գեղարուեստական յայտագիրն ալ ճոխ էր: Ելոյթ ունեցան հայրենի սիրուած երգիչներ Անտրէն եւ Սոֆի Մխէյեանը:
Ձեռնարկը տեւեց մինչեւ կէս գիշեր եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: