Նկատի ունենալով Հալէպի ապահովական կացութիւնը եւ համացանցի հաղորդակցութեանց կապերու ընդհատումը, Պոլսոյ «Մար-մարա» օրաթերթը հեռաձայնի միջոցաւ զրուցած եւ տեղեկութիւններ հաւաքած է գաղութի վիճակին եւ այդ պայմաններուն տակ իրականացած Անդրանիկ Ծառուկեանի ծննդեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկին մասին: Ստորեւ «Մարմարա»ի սոյն լրատուութիւնը.
ՌՈՒՄԲԵՐՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱԿ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Ճիշդ մէկ ամիսէ ի վեր Հալէպ զրկուած է համացանց ունենալէ, ուստի ամիսէ մը ի վեր բացարձակապէս կարելի չէ համացանցով կապուիլ եւ լուրեր ստանալ Հալէպէն։ Այնուհանդերձ, պարբերաբար հեռախօսը կ՛աշխատի ու Հալէպի հետ կապուելու միակ միջոցը հեռախօսն է ներկայիս։
Այսպէս, երէկ (Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր-Խմբ.) գիշեր անակնկալ հաճոյքը ունեցանք ստանալու Հալէպի մեր շատ սիրելի աշխատակից Լեւոն Շառոյեանէն հեռաձայնի կոչ մը։ Մեր արժէքաւոր աշխատակիցը, որուն ձայնը չէինք լսեր ամիսներէ ի վեր եւ որմէ նամակ ալ չէինք ստանար համացանցի վրայով, երէկ մեզի նախ տուաւ վերջին լուրեր Հալէպի մէջ տիրող կացութենէն, որ բնաւ ալ վարդագոյն չէ։ Անապահով կեանքը կը շարունակուի, մարդիկ նոյնիսկ կը վախնան փողոց ելլելու, շատ հազուադէպ պարագաներու է, որ մարդիկ փողոց կ՛ելլեն, ամէն վայրկեան անապահով կացութիւն մը կրնայ ամէն ինչ տակնուվրայ ընել։
Հալէպահայութիւնը տակաւին այս պայմաններու մէջ կ՛անցընէ իր սեւ օրերը ու անհամբերութեամբ կը սպասէ, որ լաւ օրերը վերադառնան, թէեւ հորիզոնին վրայ տակաւին շատ տկար է այսպիսի հաւանականութեան մը իրականացումը։
Այս տխուր ու վախազդու պայմաններու մէջ է, որ երէկ իրականացաւ մշակութային հրաշալի ձեռնարկ մը։ Եթէ նկատի առնուէր մահուան վտանգի սարսափն ու առկայութունը, անհաւատալի էր, որ նմանօրինակ ձեռնարկ մը կ՛իրականանար ու հալէպահայերու խուռներամ բազմութիւն մը քաջութիւնը կ՛ունենար ներկայ գտնուելու այդ ձեռնարկին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ՝ Միութեան հաւաքասրահին մէջ եւ նիւթն էր երբեմնի «Նայիրի» շաբաթաթերթի անմոռանալի խմ-բագիր ու գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի կեանքն ու գործը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ծառուկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով։ Օրուան բանախօսն էր Լեւոն Շառոյեան։
Ձեռնարկը կատարուեցաւ, ուրեմն, երէկ իրիկուն ժամը 17:00ին։ Տրուած ըլլալով, որ գիշերով դուրս ելլելը բոլորովին վտանգաւոր էր, այդ ժամուն էր, որ ճշդուած էր հանդէսը։ Սրահը խուռներամ բազմութեամբ լեցուն էր, մօտաւորապէս երեսուն հոգի ալ ոտքի մնացած էին ու ամբողջ երկու ժամ այդպէս հետեւեցան ձեռնարկին։ Ուղղակի անհաւատալի էր, որ անապահովութեան նմանօրինակ պայմաններու մէջ այսքան շատ հալէպահայ փողոց ելած ու ձեռնարկին եկած էր։ Այս ալ արդէն ցոյց կու տար, թէ ժողովուրդը ինչպիսի կարօտ մը ունէր նմանօրինակ ձեռնարկներու ու միասնութեան նկատմամբ։ Շատեր համակարծիք էին, որ Հալէպի լաւ օրերուն իսկ կարելի չէր եղած այսքան խուռներամ ներկայութիւն մը քով քովի բերել։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի հիւպատոսը, Հայ կաթողիկէ համայնքի ու Հայ աւետարականներու համայնքի առաջնորդները։
Նախ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան նիւթին յարակից նկարներ եւ ընթերցումներ կատարուեցան Անդրանիկ Ծառուկեանի նշանաւոր «Երազային Հալէպ»էն։ Ապա հրամցուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը դաշնակով ու ջութակով։ Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ Լեւոն Շառոյեան, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ պատրաստած էր շատ խնամեալ բանախօսութիւն մը։ Ան ամբողջ երեք քառորդ ժամ խօսեցաւ Ծառուկեանի մասին, կանգ առնելով ո՛չ միայն անոր գրականութեան վրայ, այլ նաեւ մի առ մի ներկայացնելով բոլոր այն թաղամասերը, որոնցմէ անցած էր Անդրանիկ Ծառուկեանը եւ որոնք իրենց դրոշմը ունեցած էին անոր կեանքին վրայ։ Դպրոցներ, տուներ, նաեւ այն որբանոցը, ուր մնացած էր ան եւ ուրկէ ներշնչուելով ան գրած էր «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը։
Ապա Լեւոն Շառոյեան մանրամասնօրէն տուաւ Ծառուկեանի կենսագրութիւնը, նշելով որ ան աշխարհ եկած էր Սվասի Կիւրին գիւղաքաղաքին մէջ։ Հայ գրականութեան մէջ կային երկու հսկաներ, որոնք ծնած էին Կիւրիւն, մէկը Ծառուկեանն էր, միւսը՝ բանաստեղծ Վահէ Վահեանը։
Ապա Շառոյեան մանրամասնօրէն կանգ առաւ Ծառուկեանի այնքան նշանաւոր «Թուղթ Առ Երեւան» պօէմին վրայ, որ իր տեսակին մէջ մրցանիշ մը կոտրած է տասն անգամ վերատպուելով ու մեծ ալեկոծում ստեղծելով ընթերցողներու սիրտին մէջ։
Շառոյեան ապա կանգ առաւ Պէյրութի մէջ տարիներ շարունակ տպուած «Նայիրի» շաբաթաթերթին վրայ, որ այդ շրջանի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկն էր թէ՛ որպէս գրականութեան օրկան, թէ՛ որպէս ոճ ու քննադատութեան ոգի։ Ծառուկեան խմբագիրը ունէր մաքրամաքուր լեզու, բայց կճան ոճ։ Այդ շրջանին շատեր կ՛ըսէին, որ մաքուր հայերէն սորվելու համար պէտք էր կարդալ «Նայիրի»։ Ծառուկեան ունէր մեծ թիւով բարեկամներ, շատ արժէքաւոր աշխատակիցներ, բայց նաեւ հակառակորդներ։ Շառոյեան այստեղ մի առ մի թուեց այն գրողները, որոնք աշխատակցած են «Նայիրի»ին։ Ըսաւ, որ «Նայիրի» այնպիսի շաբաթաթերթ մըն էր, որ 1950-60ական թուականներուն հրատարակուած ըլլալով հանդերձ, այսօր իսկ կը կարդացուի կարծես թէ այսօր տպուած ըլլար։ Այսպէս է, որ այս թերթը իր խօսքը կրնայ ուղղել տակաւին ապագայ ընթերցողներու ալ։
Իր այս շատ հաճելի բանախօսութեան վերջաւորութեան Շառոյեան կանգ առաւ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» գործին վրայ, որ, ինչպէս ըսաւ Շառոյեան, գործ մըն է, որ ամբողջովին կը ցոլացնէ հայ մարդուն ցաւը անցեալի տխուր օրերէն։ Այսօր օտարախօս հայ հեղինակները շատ բան կը գրեն հայոց ցաւերը պատմելու համար, բայց հայերէնով այս ուղղութեամբ առաջին գործը Ծառուկեանին այս գիրքն էր ու ան այսօր ալ լաւագոյնս կը պատկերացնէ հայ ժողովուրդին ապրած ցաւը։
Շառոյեանի բանախօսութիւնը ողջունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով։ Ապա կարճ ելոյթ մը ունեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, որ իր կարգին ընդգծեց, թէ իր ուսման տարիներուն նշանաւոր էր «Նայիրի» թերթը եւ իսկապէս իր ուսուցիչները կը յանձնարարէին, որ «Նայիրի» կարդային, եթէ կ՛ուզէին լաւ հայերէն սորվիլ։
Հանդէսի վերջաւորութեան կազմակերպիչները գիրք մը նուիրեցին օրուան բանախօս Լեւոն Շառոյեանին։ Թէ՛ Լեւոն Շառոյեան, թէ՛ սրահը լեցնող հալէպահայերը այսպէս՝ երէկ ապրեցան հին օրերը յիշեցնող գրական շատ գեղեցիկ ձեռնարկ մը, որ անոնց բարոյական կորովը կը բարձրացնէր այսօրուան տխուր պայմաններու մէջ։
«Մարմարա»