Սիրելի՛ Սարգսեան ընտանիք, հայրենակիցներ,
Սրտի անհուն կսկիծով իմացանք հայ մեծանուն դերասան, Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, հասարակական գործիչ, վաստակաւոր համազգայնական, հայ ազգի արժանաւոր զաւակ՝ Սօս Սարգսեանի մահուան գոյժը: Կեանքէն հեռացաւ հայ մեծ մտաւորական մը, մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է իր հարազատ ժողովուրդին, անմնացորդ ծառայած է հայ մշակոյթին եւ հայոց պետականութեան: Մեծ եւ անգնահատելի է Սօս Սարգսեանի դրոշմը մեր մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ: Հայ շարժապատկերի եւ հայ բեմի վրայ կերտած իր տասնեակ դերերով, քաղաքացիի իր բացառիկ կեցուածքով, ան մեզի՝ բոլորիս կու տայ հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան բարձր մակարդակ եւ կը դարձնէ համաշխարհային քաղաքակրթական ու մշակութային արժէքներուն մասնակից ու անոնց կերտման դերակատար: Ան մեր ընտիր տեսակի շառաւիղն էր, որ մեզի արժանապատիւ ապրելու դաս տուաւ: Մեծ է նաեւ Սօս Սարգսեանի աւանդը Հայաստան-Սփիւռք հոգեւոր կամրջումին մէջ: Մեծ Վարպետը եղաւ Հայաստանի մէջ Համազգայինի հիմնադիրներէն մին եւ իր անմիջական եւ անմնացորդ ջանքերով 1991ին հիմնուեցաւ Համազգային թատրոնը՝ Սօսի փայփայած զաւակը: Սօս Սարգսեան թանկագին ու հարազատ խորհուրդ է ամբողջ հայութեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան աշխարհասփիւռ ընտանիքը իր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Սարգսեան ընտանիքին եւ մեզի՝ բոլորիս, այս անվերադարձ եւ համազգային կորուստին առիթով: Սօս Սարգսեան իր մահով մեր տկարութիւնները յաղթահարելու ուղերձ ձգեց՝ իր անցած ճամբով մեծցնելով ու հարստացնելով մեզ:
Ցաւակցութեան ամենաջերմ զգացումներով,
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ընտանիքի անունով՝
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 28 Սեպտեմբեր 2013
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.