Վ. Կ.
Վերջերս Լեհաստանի մշակոյթի նախարարը յատուկ շքանշանով պարգեւատրած է «Արամ Խաչատուրեան» տուն-թանգարանի տնօրէնուհի, «Արամ Խաչատուրեան» եռեակի անդամ, անուանի դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեանը, հայ արուեստագիտուհիին լեհական երաժշտութեան զարգացման ու տարածման բերած կարեւոր նպաստին համար։
Սոնա Բարսեղեան, Արմինէ Գրիգորեանի դուստրը, անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ Աախըն (Aachen) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դաշնամուրի միջազգային «Ամատէօ» (Amadeo) մրցոյթին շահած է առաջին մրցանակը։ Մրցոյթին մասնակցած են 33 դաշնակահարներ՝ 15 երկիրներէ։
Աւարտելով Երեւանի Չայքովսքիի եւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցները՝ Արմինէ Գրիգորեան իր յետաւարտական մասնագիտական ուսումը կատարելագործած է Գ. եւ Ս. Սարաջեաններու հսկողութեան ներքոյ։ Ան ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ, կատարելով Մոցարթի, Բրամզի եւ Բեթովենի դաշնամուրի քոնչերթօները։ Որպէս նուագակցող ան մրցանակներ շահած է Արամ Խաչատուրեանի (1997) եւ Լեւոն Չիլինկիրեանի (2002) մրցոյթներուն։ Արմինէն մասնակցած է նաեւ անուանի ջութակահար Նիկոլա Մատոյեանի նուագահանդէսներուն եւ կատարած՝ Բեթովենի սոնաթները։ Ան մենահամերգներ տուած է Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Միացեալ Էմիրեթներու, Գերմանիոյ, Լիթուանիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Արմինէ Գրիգորեանը «Արամ Խաչատուրեան» հռչակաւոր եռեակի դաշնակահարուհին է։
Իսկ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Սոնա Բարսեղեան աւարտած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցը։ Երիտասարդ դաշնակահարուհին նուագահանդէսներ տուած է բացի Հայաստանէն՝ արտասահմանեան կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս Ռուսիա, Լիթուանիա, Արաբական Էմիրութիւններ, Մ. Նահանգներ, Լեհաստան, Իտալիա, Պելճիքա, Լուքսեմպուրկ եւ այլն։ Հակառակ երիտասարդ տարիքին, Սոնան շահած է բազմաթիւ մրցանակներ, ինչպէս՝ Բ. մրցանակ՝ «Արամ Խաչատուրեան» միջազգային մրցոյթ (2007), Ա. մրցանակ՝ Հանրապետական սենեկային անսամպլի մրցոյթ (2008), Նախագահական մրցանակ, որ կը տրուի լաւագոյն դասական երաժշտութիւն կատարող երիտասարդ արուեստագէտին (2009), Ա. մրցանակ՝ Հանրապետական մրցոյթ՝ դաշնամուրի ընկերակցութեան արուեստին նուիրուած (2010), Ա. մրցանակ՝ Շոփենի անուան հանրապետական մրցոյթ (2010), Ա. մրցանակ՝ «Ամատէօ» մրցոյթ (2013)։