ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր 20ին, առաւօտեան ժամը 10:30էն սկսեալ, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդաց Մայր տաճառին մէջ արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ ու քարոզէ հիւրաբար Արեւմտեան թեմ գտնուող Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը:
Պատարագի աւարտին, պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանն ու առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը պիտի կատարեն օծումը այն խաչքարին, որ նուիրուած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի սանուց միութեան եւ երուսաղէմահայերու կողմէ՝ ի յիշատակ Երուսաղէմի Եղիշէ պատրիարք Դուրեանի: Նաեւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Թորգոմ պատրիարք Մանուկեանի վախճանման առաջին տարելիցին առիթով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.