
ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ճան Միրաքի անուան հիմնարկը 80,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է՝ նեցուկ կանգնելու Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքներուն եւ զարգացնելու համար զանոնք:
Նուիրատուութիւնը կատարելու որոշումը տրուած է «Ճան Միրաք» հիմնարկի հոգաբարձութեան անդամներ Ճուլիա Միրաք Քիւի, Ռապըրթ Միրաքի եւ Ճենըֆըր Միրաք Լիչի կողմէ: Գումարը պիտի տրամադրուի յատկապէս երեխաներու մօտ կուրութիւնը կանխարգիլելու աշխատանքին:
Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրին շնորհիւ, ցարդ աւելի քան 600,000 հայորդիներ աչքի առողջութեան առնչուող խնամք ստացած են, իսկ մօտաւորապէս 50,000 հայորդիներ կրցած են տեսնել՝ աչքի վիրաբուժական գործողութիւններէ ետք:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութեանց համար, այցելել www.eyecareproject կայքը: