ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հովանաւորութեամբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին ու Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ «Կոստանդնուպոլսոյ Հայաստանեայց եկեղեցիներու սրբազան գանձերը» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ մը:
Նշեալ նիւթը պիտի ներկայացնէ տոքթ. Ռանըլտ Մարշեզ՝ Մինեսոթայի համալսարանէն:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահը, որուն հասցէն է՝ 3325 N. Glenoaks Blvd. Burbank, CA 91504:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Նաեւ, տեղի պիտի ունենայ հանգանակութիւն՝ ի նպաստ այս նիւթին մասին երկրորդ գիրքի հրատարակման:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել (818) 558-7474 կամ (818) 800-1976 թիւերով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.