Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Շաքարախտի սրտա-ուղեղային բարդութիւնները հետեւեալներն են՝ կրծքահեղձուկ (angina), սրտամկանային սպիամահ-սրտի կաթուած (myocardial infarction, MI) եւ ուղեղային կաթուած (stroke):
Մեր մարմինի բոլոր օրկանները, հիւսկէնները եւ ամէնէն յետին բջիջները շարունակ պէտք ունին որոշ քանակութեամբ թթուածինի, որպէսզի գործեն բնական ձեւով: Այս օրկաններէն կարեւորագոյններն են՝ սիրտը եւ ուղեղը: Թթուածինով յագեցած հարուստ արիւնը սիրտէն դուրս մղուելէ ետք՝ զարկերակային ցանցին միջոցաւ կը հասնի մարմինի բոլոր օրկաններուն: Թթուածինով յագեցած (saturated) արեան հոսքը կը նուազի եւ կամ ամբողջովին կը դադրի զարկերակներու նեղացումով եւ մասնակի խցումով: Երկու պարագաներուն ալ կը յառաջանան առողջական լուրջ իրավիճակներ:
Շաքարախտի հետեւանքով զարկերակներու պատերուն վրայ կը տեղաւորուին ճարպային կոյտեր (atheroma), որոնք պատճառ կը դառնան զարկերակներու մասնակի խցումին եւ կարծրացումին: Այս մէկը կը կոչուի զարկերակներու ճարպակարծրացում (atherosclerosis): Հետեւաբար, արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի, նուազ արիւն կը հասնի մարմինի օրկաններուն եւ կամ ամբողջովին արեան հոսք տեղի չունենար:
Սիրտի պսակաձեւ զարկերակները (coronary artery) մարմինի այլ զարկերակներու նման ճարպակարծրացումով կը խցուին մասնակի կամ ամբողջովին:
Պսակաձեւ զարկերակի մը կամ քանի մը զարկերակներու մասնակի խցումով կը յառաջանայ կրծքահեղձուկ: Անիկա կը յայտնուի ծնօտի, կրծքավանդակի, արմուկի, ուսի, կռնակի ցաւով: Այս ցաւը ընդհանրապէս ուժգին եւ անցողակի ցաւ մըն է եւ տեղի կ՛ունենայ ֆիզիքական ծանր աշխատանքի եւ ուժգին ու երկարատեւ մարզանքի ընթացքին: Սակայն անիկա կրնայ պատահիլ անսպասելի ձեւով, այսինքն՝ հանգիստի պահուն կամ թեթեւ աշխատանքի ու մարզաքի ընթացքին: Կրծքահեղձուկը ընդհանրապէս կարճատեւ կ՛ըլլայ քանի մը վայրկեան տեւողութեամբ: Երբեմն անիկա երկարատեւ կ՛ըլլայ եւ կը կրկնուի քանի մը անգամներ կարճ ժանակամիջոցի մը մէջ:
Կրծքահեղձուկը կ՛անհետանայ հանգիստ ընելով: Սակայն ենթական շուտով պէտք է դիմէ մասնագէտ բժիշկին, որպէսզի կատարուի կրծքահեղձուկի ախտաճանաչումը եւ դելադրուի յատուկ դեղերու գործածութիւնը: Չդարմանուելու պարագային պսակաձեւ զարկերակներու մասնակի խցում կը յառաջանայ եւ տեղի կ՛ունենայ ամբողջական խցում:
Շատ մը շաքարախտաւորներ կ՛ունենան լռելեայն կրծքահեղձուկ, այսինքն՝ անոնք ցաւ չեն զգար, որովհետեւ անոնց ցաւի զգացողական ջիղերը արդէն վնասուած կ՛ըլլան:
Պսակաձեւ զարկերակի մը կամ մէկէ աւելի զարկերակներու ամբողջական խցումով կը յառաջանայ սրտամկանային անակնկալ սպիամահ, որ կը կոչուի նաեւ սրտի անակնկալ տագնապ կամ սրտի կաթուած: Պսակաձեւ զարկերակներու խցումով սիրտի մկանները թթուածինով չեն մատակարարուիր եւ կը յառաջանայ անոնց սպիացումը եւ ոչնչացում-մահը:
Սիրտի կաթուածի ախտանշաններն են.
ա. Կրծքավանդակի ուժգին եւ մնայուն ցաւ ու պրկուածութիւն.
բ. Բազուկի, ուսի, արմուկի եւ ծնօտի ուժգին ու երկարատեւ ցաւ.
գ. Շնչահեղձութիւն (dyspnea).
դ. Առատ եւ պաղ քրտինք ու կպչուն (clamy) մորթ.
ե. Նողկանք (nausea) եւ փսխունք.
զ. Վախ եւ անձկութիւն:
Ուղեղային կաթուածը կը զարգանայ ուղեղի մէկ կամ մէկէ աւելի զարկերակներու ճարպակարծրացումով:
Ուղեղային կաթուած ըսելով, կը հասկնանք ուղեղի գործունէութեան սահմանափակ դանդաղում կամ ձախողանք:
Ուղեղի զարկերակներու ճարպակարծրացումը կը յառաջացնէ երկու ախտաբանական կացութիւններ.
ա. Զարկերակներու մասնակի կամ ամբողջական խցում, որ կը յառաջացնէ ուղեղային մասնակի տեղայնական անարիւնութիւն (ischemia), այսինքն թթուածինով հարուստ բաւարար արիւն չի հասնիր եւ տեղի կ՛ունենայ ուղեղաբջիջային փճացում եւ կորուստ.
բ. Զարկերակներու վնասում եւ պատրուածք, որ կը յառաջացնէ ուղեղային արիւնահոսութիւն:
Ուղեղային կաթուածը ընդհանրապէս միակողմանի կ՛ըլլայ, այսինքն ուղեղի աջ կամ ձախ կիսագունդերու (hemisphere) զարկերակներու խցումով կամ արիւնահոսութեամբ կը զարգանայ ուղեղային միակողմանի վնաս եւ անարիւնութիւն:
Ուղեղային կաթուածը կը պատահի անակնկալօրէն եւ անոր ախտանշանները կը յայտնուին շատ արագ: Անոր ախտանշաններն են.
ա. Դէմքի, բազուկներու եւ սրունքներու միակողմանի թմրութիւն կամ ասղնտոց (tingling).
բ. Խօսելու դժուարութիւն կամ անխօսութիւն.
գ. Բառեր կամ նախադասութիւններ հասկնալու դժուարութիւն.
դ. Ուժասպառութիւն.
ե. Ուժգին գլխացաւ.
զ. Մարմինի անհաւասարակշռութիւն եւ անհամադասութիւն (uncoordination).
է. Տեսողութեան տկարացում կամ դժուարութիւն.
ը. Ամբողջ մարմինը կամ մարմինի որոշ մէկ մասը շարժելու անկարողութիւն.
թ. Դժուար շնչառութիւն-շնչահեղձութիւն.
ժ. Գիտակցութեան կորուստ:
Սիրտի կաթուածի եւ ուեղային կաթուածի պարագային ենթական շուտով պէտք է փոխադրուի հիւանդանոց, ուր կը կատարուին հետեւեալ քննութիւնները.
ա. Պարզ սրտագրութիւն.
բ. Սիրտի պսակաձեւ զարկերակներու գունաւոր նկարահանում (angiography) եւ սիրտի անդրձայնային նկարահանում (ultrasound).
գ. Ուղեղի զարկերակներու գունաւոր նկարահանում եւ ուղեղի անդրձայնային նկարահանում.
դ. Արեան շաքարի, քոլեսթերոլ (cholesterol) եւ թրայկլիսերայտ (triglyceride) ճարպերու, կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու քննութիւններ:
Սիրտի եւ ուղեղային կաթուածի պարագային շտապ դարմանումը պարտաւորիչ է, որպէսզի սիրտի մկաններուն եւ ուղեղին բաւարար քանակութեամբ թթուածինով յագեցած արիւն մատակարարուի: Ճարպակոյտերով յառաջացած սիրտի եւ ուղեղի վնասը կարելի է կասեցնել կամ մեղմացնել շտապ դարմանամիջոցներով:
Սիրտի կաթուածը կը դարմանուի.
ա. Յատուկ դեղերով.
բ. Պսակաձեւ զարկերակներու փոխպատուաստումով (coronary bypass).
գ. Խցուած զարկերակը բանալով՝ պզտիկ փուչիկի (balloon) մը գործածութեամբ (angioplasty):
Իսկ ուղեղային կաթուածը կը դարմանուի.
ա. Յատուկ դեղերով.
բ. Վնասուած-պատրուած զարկերակներու փոխպատուաստումով:
Սիրտի եւ ուեղի կաթուածի դարմանումէն ետք եւ առողջական բնականոն վիճակի վերահաստատումէն ետք յաճախ կաթուածը կը կրկնուի եւ այս անգամ աւելի ուժգին:
Շաքարախտի հետեւանքով յառաջացած վերոնշեալ երեք ախտային երեւոյթներու պարագային.
ա. Պէտք է գործածուին արեան նօսրացումին համար հակամակարդիչներ (anticoagulants), որոնք արգելք կը հանդիսանան նոր ճարպակոյտերու կազմաւորման եւ հին ճարպակոյտերու լուծման.
բ. Պէտք է կանոնաւորուի արեան շաքարի, քոլեսթերոլի եւ թրայկլիսերայտի քանակը հակաճարպային դեղերով:
Վերոնշեալ շաքարախտի երեք ախտային երեւոյթները կանխարգիլելի են հետեւեալ միջոցառումներով.
ա. Շաքարախտի օրինաւոր եւ հետեւողական դարմանում՝ հակաշաքարախտային դեղերով.
բ. Արեան քոլեսթերոլի եւ թրայկլիսերայտի նուազում, որ կ՛իրականանայ հետեւեալ միջոցառումներով.
1.- Յատուկ դեղերու գործածութիւն.
2.- Յատուկ սննդականոնի օգտագործում.
3- Օրինաւոր եւ հետեւողական մարզանք.
4.- Չգիրնալ, իսկ գէրերու պարագային՝ նիհարնալ:
Կ՛ուզենք յստակացնել, որ ընդհանրապէս շաքարախտը առանցնաբար չէ, որ կը յառաջացնէ վերը յիշուած հիւանդութիւնները, այլ անոր հետ միատեղ կը ներգործեն՝ արեան գերճնշումը եւ արեան քոլեսթերոլի ու դրայկլիսերայտի բարձրացումը: