ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հոկտեմբեր 15ին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնին, որուն յարկին տակ պիտի գործէ տոքթ. Կարօ Դերձակեանի անուան Շագանակագեղձի ախտորոշման

աշխատասենեակը:
Տոքթ. Կարօ Դերձակեան քսանհինգ տարիէ ի վեր Հայաստան կ՛այցելէ եւ ամէն անգամ (իր բառերով) իր լուման կը բերէ Հայաստանի ժողովուրդի բարեկեցութիւնը ապահովող՝ կրթական մարզէն սկսած մինչեւ եւ առաւել կեդրոնացած ձեւով՝ առողջապահական ծրագիրներու:
Այդ ներդրումը գնահատելով է, որ «Իզմիրլեան բժշկական կեդրոն»ի տնօրէնութիւնը, վստահաբար կեդրոնը իր վերահսկողութեան տակ առած Ամենայն հայոց կաթողիկոսի համաձայնութեամբ, վերոնշեալ աշխատասենեակը կոչած է մեր սիրելի բժիշկին անունով:
Այս առթիւ մեր շնորհաւորական խօսքերը փոխանցելու ընթացքին, բժիշկը մեր ուշադրութեան յանձնեց հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններէն սփռուած իր խօսքը, թէ՝ ստեղծելով բժշկական կատարելագործուած սարքերով օժտուած հիւանդանոցներ եւ այդ կեդրոններուն մէջ թոյլ չտալով կաշառակեր վարքագծով աշխատանք՝ կարելի կ՛ըլլայ հոգեբանական բեկում յառաջացնել ժողովուրդին մէջ, անոնց ներշնչելով այն միտքը, թէ անպայմանօրէն «խոտը աւելի կանաչ չէ մեր սահմաններէն դուրս»:
Մենք ալ համաձայն ենք, որ կաշառակերութեան ճիռաններէն ազատուած հիւանդանոցներու մէջ բժշկական բարձրորակ ծառայութիւն ապահովելը մեծապէս կը նպաստէ արտագաղթի դէմ պայքարին: Ուրեմն, նախ եւ առաջ պէտք է բազմացնել այդ կեդրոնները, զանոնք մատչելի դարձնել պարզ քաղաքացիին եւ արժանապատիւ աշխատավարձ ապահովել բժիշկներուն, բուժքոյրերուն եւ վարչական պատասխանատուներուն: Ահա իրապէ՛ս արտագաղթի հակաթոյներէն մէկը, որ սակայն, առանձինն դժուար թէ բեկումնային չափերով կասեցնէ դէպի դուրսի կանաչ խոտը ձգտողներու հոսքը:
Պահել այդ կեդրոնի մակարդակը, պահել անկաշառ գործի վարքագիծը կարեւոր մարտահրաւէրներ են, անշուշտ, եւ բժիշկը կը հաստատէ այդ մտահոգութիւնը:
Բայց եւ այնպէս, դրական իրագործում մըն է ասիկա, որուն դերակատարներէն մէկը մեր շրջանէն ըլլալով հպարտ կը զգանք: