ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Եթէ մենք անարդարացի, վտանգաւոր ենք գտնում մեծամասնութեան միջամտութիւնը խղճի, համոզմունքի գործերում, նոյն դիտումներից պաշտպանելու ենք եւ ազգային հաւասարութեան սկզբունքը, նոյն տրամաբանութիւնից բղխելու է եւ այն համոզմունքը, որ ոչ մի տեղական մեծամասնութիւն ժխտելու չէ փոքրամասնութիւն կազմող ցեղի հաւասար իրաւունքները, ոչ մի մեծ բազմամարդ ազգ իրաւունք չունի բռնանալու եւ ճնշելու փոքր ազգի լեզուն, կուլտուրական, իրաւագիտական առանձնայատկութիւնները։
«…Ամէն տեսակ բռնութեան ու կեղեքման դէմ կռուողները կռուելու են նաեւ ազգային ու ցեղային գերիշխանութիւնների դէմ։ Կռուելու են՝ որքան էլ հզօր լինի դիմադիր մեծամասնութիւնը, որքան էլ ստուար լինի մեծամասնութիւն կազմող ազգն ու ցեղը»։
Սիմոն Զաւարեան, «Ալիք» (Թիֆլիս), 1908
Վերջին օրերուն բուռն բանավէճ մը յանկարծ բռնկեցաւ հայ քաղաքական մտքի հրապարակին վրայ։
Արցախեան շարժման դրօշակիր գործիչներէն Զօրի Բալայեանի կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուղղուած «բաց նամակ» մը, յանկարծակի՛, վառեց պատրոյգը հին-նոր բանավէճի մը պայթուցիկ «ռումբ»ին։
Թէեւ խնդրոյ առարկայ «բաց նամակ»ը իր ամբողջութեամբ դեռ չէ դրուած համացանցային շրջանառութեան մէջ, այսուհանդերձ՝ անոր դէմ ուղղուած քննադատական հրապարակումները արդէն լայն ծաւալ ստացած են։
Ամէն պարագայի, «բաց նամակ»ին մէջ տեղ գտած մտածումներէն կամ տեսակէտներէն մէջբերումներ հանրութեան սեփականութիւնն են արդէն՝ անոնց ուղղուած յղումներու ճամբով։ Այդքանով ալ յստակ է, որ Արցախեան պահանջատիրութեան «վեթերան» յառաջապահի իր հանգամանքով՝ Զօրի Բալայեան յայտնապէս մտահոգ է Արցախեան հարցի նկատմամբ Ռուսիոյ կիրարկած պետական քաղաքականութենէն, որ հայեւռուս ռազմավարական բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը իւրովի կ՛ըմբռնէ ու կը կիրարկէ։
Այսինքն՝ «բաց նամակ»ի հեղինակին համոզումով, ռուս պետական քաղաքականութիւնը մինչեւ վերջ հետեւողական չէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած մեծ անարդարութիւնը սրբագրուած տեսնելու կողմնորոշման մէջ։ Այդ մեկնակէտով ալ «բաց նամակ»ը կը յորդորէ նախագահ Փութինին, որ Ռուսաստանի շահերէն իսկ մեկնելով՝ տէ՛ր կանգնի 19րդ դարասկիզբէն սկսեալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին զօրակցելու ռուս պետական քաղաքականութեան, այդ ճամբով նաեւ՝ Արեւելահայաստանը Ռուսաստանին միացնելու կամ կցելու երկդարեայ ռազմավարութեան «աւանդներուն»…
Ո՛չ անսպասելի, ո՛չ ալ անհիմն է հարկաւ, որ նման «բաց նամակ» մը մեր օրերուն պատճառ դառնայ, հայ քաղաքական մտքի ռուսամէտ արեւելումի մեծ հարցին շուրջ, հին-նոր բանավէճին բուռն վերարծարծումին։
Մանաւանդ որ նոյնիսկ սպասելի էր նման «բաց նամակ» մը Սեպտեմբեր 3էն ետք, երբ Հայաստանի նախագահը Մոսկուայի մէջ պաշտօնապէս յայտարարեց Ռուսիոյ առաջադրած Մաքսային միութեան պայմանագիրը ստորագրելու Հայաստանի պատրաստակամութեան մասին։
Հայաստանի անկախութեան հաշւոյն զիջումներ ենթադրող Մաքսային միութեան պայմանագրի ստորագրութիւնը, հասկնալիօրէն, միայն զուսպ վերապահութիւններով եւ զգօն քննադատութիւններով դիմաւորուեցաւ հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերուն կողմէ։ Բոլորին համար պարզ էր, որ Ռուսիա որոշած է իր «ազդեցութեան գօտին» նորովի ամրապնդել եւ Հայաստան ոչ միայն ի վիճակի չէր խուսափելու համապատասխան քայլէ, այլեւ՝ թուրքեւատրպէյճանական վտանգի նախատեսութեամբ, ուրոյն պատճառ ալ ունէր միանալու Պայմանագիրին։
Բայց կատարուած փաստին հետ համակերպումը մէկ բան է, իսկ այդ համակերպումը իբր թէ ազգային արեւելումով հիմնաւորելու եւ արդարացնելու ամբոխավարութիւնը ուրիշ բան է, անձնատուութեան ու ինքնասպանութեան համազօր է եւ արմատականօրէն անընդունելի։
Իսկ Զօրի Բալայեան եւ աւելի լայն ընդգրկումով հայ քաղաքական մտքի ռուսամէտ թեւը ճիշդ այդ անձնատուութեան ուղին ընտրելու մոլորանքը կը խրախուսէ, երբ դարձեալ եւ նոյնիսկ այսօր մեր ժողովուրդին կ՛առաջադրէ «ռուսաց թագաւորին նամակ» գրել…
Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ահա երկու հարիւր տարիէ ի վեր կը ճաշակեն դառն բաժակը Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործակցութեան։ Վերանկախացեալ Հայաստանն ու զայն առաջնորդող հայ պետական մտածողութիւնը ունի՛ն քաղաքական եւ գաղափարական անհրաժեշտ կենսափորձն ու անցեալի դասերը, որպէսզի Ռուսիոյ հետ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը ո՛չ գերագնահատեն, ո՛չ ալ թերագնահատեն։
Պարզապէս հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերն ալ, ռուսամէտ թէ թրքամէտ կամ արեւմտամէտ, հաւասարապէս պէտք է առաջնորդուին ազգային այն արմատաւորուած ռազմավարութեամբ, որ միայն մե՛նք, ազգային միասնականութեամբ, եւ միայն մեր սեփակա՛ն հաւաքական ուժով ի վիճակի ենք հարթելու հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական վերականգնումի ուղին։
Մեր արիւնէն, հողէն եւ հարստութիւններէն ազգովին այնքան սուղ գին վճարած ենք արտաքին այս կամ այն ուժին եւ ուժերուն ապաւինելու ճարահատ քաղաքականութեան։
Ճակատագրական սխալներ ալ թոյլատրած ենք, երբ տարբեր ժամանակներու մէջ ազգային մեր գրաւը դրած ենք մեր երկրին եւ կեանքին վրայ բռնացող օտար տիրակալներու, թուրք ըլլան անոնք թէ ռուս, պետական մտածողութեան ներքին բարեշրջումի յոյսերուն վրայ։
Դեռ չենք խօսիր Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի «դիպլոմատ հրէշ»ներուն մասին, որոնք Կիլիկիայէն մինչեւ Պաքու, ի սպաս իրենց պետական նեղ շահերը ապահովելու մրցապայքարին, զոհաբերեցին հարիւր հազարաւոր հայերու կեանքն ու սրբութիւնները, սերունդներու տքնաջան աշխատանքով նուաճուած ինչքերն ու հարստութիւնները։
19րդ դարու ամբողջ երկայնքին, բաժնուած երկու մեծ՝ Օսմանեան ու Ռուսական կայսրութեանց միջեւ, հայ ժողովուրդը իր փոքր ածուին մէջ գտաւ այնքան ներուժ եւ մարտունակութիւն, որ յանուն ազգային իր ինքնորոշման՝ չվարանեցաւ ճակատ բանալու բռնատիրական ամէն կարգի հալածանքներու եւ հարուածներու դէմ։
Ինչպէս որ Սիմոն Զաւարեան կը շեշտէր դեռ հարիւր տարի առաջ, մեր ժողովուրդին յեղափոխական զաւակները շատոնց փակած են սուլթաններուն եւ ցարերուն «նամակ» գրելու եւ արդարութեան ու իրաւունքի աղերսանք ներկայացնելու մեր հայրերուն բարեմտութեան էջը։
Ինչպէս երկու դար առաջ, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, նոյնպէս եւ այսօր մենք պատերազմ ու թշնամանք փնտռող ազգ չենք, յատկապէս այդպիսի՛ն չենք իբրեւ ծանրագոյն գնով ազգային իր անկախութիւնն ու պետականութիւնը վերականգնած «փոքր ածու»։
Բայց նաեւ ու անպայման ա՛յն Հայաստանն ու հայութիւնն ենք, որ շատոնց յաղթահարած է մեր ժողովուրդին պարտադրուած անարդարութեանց համակերպելու, այլ մանաւանդ՝ բռնակալներու աղերսական «նամակ» յղելու հեռաւոր անցեալի ազգակործան փորձութիւնները։
Իր ժամանակը ապրած-անցած այդ փորձութեանց վերադարձին դէմ է ուղղուած, ամէն բանէ վեր, Ռուսիոյ նախագահին յղուած «նամակ»ին շուրջ այս օրերուն բռնկած բանավէճը։
Ի վերջոյ դարձեա՞լ, այսօ՞ր ալ «նամակ՝ ռուսաց թագաւորին»…
HIANALI AE TE OUR AE ISHKHANOUTIAN
IRAVIDJAGE.