Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5ին, Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղւոյն Համազգայինի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս՝ Հոգեբանական Վերլուծում մը» գիրքի ներկայացումը, զոր կատարեց դոկտ. Մելինէ Գարագաշեան:
Գիրքը գրուած է արեւմտահայերէնով եւ տպուած Դեկտեմբեր 2011ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հիմնադրամին մի-ջոցաւ, Գրիգոր Ծ. վարդապետ Չիֆճեանի խմբագրութեամբ: Այս գործը նաեւ թարգմանուած է արեւելահայերէնի եւ անգլերէնի:
Դոկտ. Մելինէ Գարագաշեան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդին համար Կոմիտաս հանճարը ոչ միայն պաշտամունքի առարկայ մըն է, այլ նաեւ՝ Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ: Այն ինչ, որ երեւան ելաւ հետազօտութեան ընթացքին այնքան հետաքրքրական է, որքան գիրքը, որովհերեւ անիկա ցոյց կու տայ Ցեղասպանութեան նկատմամբ հասարակական հոգեբանութիւն մը հայերուն մօտ, որ ցարդ չէ ուսումնասիրուած», ըսաւ դասախօսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.