ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառին եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի միջեւ շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Սուրիոյ տագնապին, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիամգրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ընդհանրապէս շրջանին կապուած հարցերու մասին։
Վեհափառ հայրապետը յիշեալ հարցերուն շուրջ պարզեց իր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտեցումները։ Միացեալ նահանգներու դեսպանը մեծապէս գնահատեց կաթողիկոսին կատարած իրատես վերլուծումները եւ արժեւորումները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.