
Շիքակոյի մէջ 107 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրած՝ Հելէն Պալոյեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շիքակօ Թրիպիուն» (Chicago Tribune) օրաթերթը, որ այս առթիւ հրապարակած է «Շիքակօ ապրող հարիւրամեայ Հելէն Պալոյեանին՝ հայկական ջարդերու վերջին վերապրողին, յարգանքի տուրք մատուցած են» խորագիրով յօդուածը:
Օրաթերթը ներկայացուցած է Հելէն Պալոյեանի կեանքը՝ նշելով, որ վերջինս իր մականունը փոխած էր եւ կը կրէր Խերդեան մականունը: «Որբացած երեխան՝ Պալոյեանը, (ապա Հելէն Խերդեան), կը թափառէր փողոցներով՝ փնտռելով բնակելու վայր մը եւ ուտելիք: Ան Օսմանեան կայսրութեան զինուորներու կողմէ իր գիւղին վրայ յարձակման ականատեսը եղած է. նախքան զանգուածային սպանութիւնները, զորս շատ մը պատմաբաններ կ՛անուանեն Հայկական Ցեղասպանութիւն, Օսմանեան զինուորները տեղահանանած են տեղացիները», կը գրէ «Շիքակօ Թրիպիուն»ը:
Ըստ Պալոյեան ընտանիքին՝ Հելէն ծնած է 1906ին եւ ան չէր յիշեր, թէ ինչպէս իր ծնողները մահացած են: Սպանդի ժամանակ անոր երկու եղբայրները աքսորուած են ու անոր երրորդ եղբայրը ապաստանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հետագային ան հանդիպած է իր երրորդ եղբօր, սակայն ոչ մէկ տեղեկութիւն չէ կրցած ունենալ միւս երկու եղբայրներուն մասին:
Առանձին մնալով՝ Հելէն ապրած է փողոցները, երբ կին մը զայն տարած է որբանոց, ուր ան մնացած է մինչեւ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտը: Պատերազմի աւարտէն ետք որբանոցը կը տեղափոխուի Սուրիա եւ Լիբանան:
Հելէնի Յունաստան ապրող զարմիկը՝ Յակոբ Հարտին, գտած է զայն պատահաբար: Անոնք մեկնած են Քիւպա, ուր Չիքակոցի մը կը համաձայնի ամուսնանալ Հելէնի հետ, որպէսզի ան կարենայ մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ, սակայն տեղ հասնելէ ետք անոնք կ՛որոշեն շարունակել իրենց ընտանեկան կեանքը եւ չորս երեխայ կ՛ունենան:
«Ան շատ դաժան կեանք ունեցած է, եւ Աստուած անոր տուած է շատ երկար կեանք: Աստուած կը գործէ առեղծուածային ձեւերով», կը յայտնէ Հելէն Պալոյեանի զարմիկը՝ Չաք Հարտին: