Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Թանչը արիւնախառն փորհարութիւն-փորքշուք (dysentery) է: Թանչը հայերով կ՛ըսուի նաեւ արիւնալուծ:
Թանչը սուր եւ վարակիչ հիւանդութիւն մըն է: Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին տարեկան կը տեսնուին 10 միլիոնէ աւելի թանչի պարագաներ, որոնցմէ կը մահանան մէկ միլիոնը՝ առաւելաբար մանուկներ:
Թանչը կը յառաջանայ՝
1. Մանրէներու, մասնաւորապէս Շիկելլա (Shigella) մանրէներու եւ յաճախ E. Coli եւ Salmonella մանրէներու պատճառաւ:
2. Միաբջիջ նախակենդանիներու (protozoa), մասնաւորապէս Ամիպա (Amoeba) խմբաւորումով եւ երբեմն E. Histolytica խմբաւորումին պատճառաւ:
Թանչը առաւելաբար կը յառաջանայ Շիկելլա մանրէներու միջոցաւ եւ այդ պատճառաւ անիկա կը կոչուի Շիկելլոսիս ( shigellosis)՝ շիկելլավարակ: Շիկելլա մանրէն կ՛ապրի շատ մը երկիրներու մէջ: Անիկա պատճառն է բոլոր փորհարութիւններուն 5-10 տոկոսին:
Ամիպայով յառաջացած թանչը առաւելաբար կը տեսնուի արեւադարձային տաք գօտիի (tropical) երկիրներու մէջ:
Շիկելլա մանրէներուն աղբիւրը վարակուած անձերուն կղկղանքն է: Նոյնիսկ ապաքինման շրջանին ենթակային կղկղանքը հարուստ է այս մանրէներով, հետեւաբար հիւանդը կը կոչուի կրող (carrier):
Արիւնալուծի տարածումը տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով.
1. Ուղղակի տարածում, որ կը պատահի կղկղանքի միջոցաւ.
2. Անուղղակի տարածում, որ կը պատահի մանրէներով վարակուած կերակուրներու միջոցաւ:
Շիկելլա մանրէները կը փոխադրուին եւ կը տարածուին ճանճերու միջոցաւ, որոնք կը կոչուին փոխադրողներ-տարածողներ (vectors): Ճանճերը վարակուած հիւանդի մը կղկղանքին վրայ նստելէ ետք ազատօրէն կը փոխադրեն յարուցիչ Շիկելլա մանրէները որեւէ մէկ տեղ մեր շրջապատին մէջ: Անոնք կը տեղաւորեն մանրէները բացօդեայ ձգուած կերակուրներու եւ հեղուկներու վրայ: Առողջ անհատ մը կը վարակուի թանչով, երբ ուտէ կամ խմէ Շիկելլա մանրէներով հարստացած եւ վարակուած կերակուրները կամ հեղուկները:
Թանչի թխսաւորումի ժամանակաշրջանը (incubation period) 1-4 օրեր են, այսինքն՝ անոր ախտանշանները կը յայտնուին վարակումէն 1-4 չորս օրեր ետք:
Արիւնալուծի ախտաբանական ընթացքը կը զարգանայ հետեւեալ ձեւով՝ Շիկելլա մանրէներով վարակուած կերակուրներու կամ հեղուկներու սպառումով մանրէները կը հասնին բարակ եւ հաստ աղիքներ, ուր անոնք կը յարձակին աղիքներու խլնաթաղանթին վրայ եւ կը ներխուժեն անոնց պատերէն ներս: Խլնաթաղանթը կը բորբոքի, տեղի կ՛ունենայ խլնաթաղանթի ջրուռեցք եւ ապա խլնաթաղանթային հեղուկի առատ հոսք աղիքներուն մէջ: Բորբոքումին հետեւանքով կը յառաջանան խլնաթաղանթային խոցեր եւ արիւնահոսում:
Թանչի ախտանշաններն են.
1. Ջրանման փորհարութիւն
2. Թարախոտ հեղուկային կղկղանք
3. Արիւնահոսում
4. Արիւնային փորհարութիւն
5. Յաճախակի կղկղանցում՝ օրական 10-20 անգամ
6. Կղկղանցումի շտապութիւն (urgency)
7. Տանջալի կղկղանցում (tenesmus) եւ նքոց
8. Աղիքային սուր կծկումներ (cramps)
9. Որովայնային խիթ եւ ցաւ
10. Նողկանք եւ փսխունք
11. Ջերմ
12. Գլխացաւ:
Ծանր եւ յառաջացած պարագաներուն տեղի կ՛ունենայ մարմնական ջրանուազում (dehydration ) եւ արեան ճնշումի նուազում (hypotension), որոնք կրնան յառաջացնել մարմնական ընդհանուր փլուզում (shock) եւ մահ:
Թանչի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս բացայայտ է իր ախտանշաններով: Սակայն անիկա կը փաստարկուի կղկղանքի տարրալուծարանային քննութեամբ: Յաճախ, յառաջացած պարագաներուն, մագնիսարձագանգային նկարահանում (MRI) եւ հաստ աղիքի դիտում (colonoscopy) պարտաւորիչ կը դառնան:
Արիւնալուծի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ ընդհանրապէս հանգիստ ընելով եւ առատ հեղուկ խմելով:
Յառացած պարագաներուն հիւանդանոցային դարմանումը պարտաւորիչ է: Հիւանդին կը ներարկուի ներերակային հեղուկներ եւ հակամանրէական դեղեր:
Չափահասներու մօտ եւ մեղմ պարագաներուն ապաքինումը տեղի կ՛ունենայ 4-8 օրերու ընթացքին, իսկ յառաջացած պարագաներուն՝ 3-4 շաբաթներու ընթացքին: Մանուկներու պարագային ջրանուազումը տեղի կ՛ունենայ շատ արագ, հետեւաբար անոնց դարմանումը պէտք է ըլլայ շուտով:
Յաճախ շատ մը թանչակալներու մօտ կը զարգանայ կաթնաշաքարի անհանդուդժողականութիւն (lactose intolerance) հետեւաբար անոնք իրենց ապաքինման շրջանին կաթ եւ կաթնեղէն պէտք չէ սպառեն:
Թանչը կրնայ ունենալ վատ հետեւանքներ եւ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.
1. Յառաջացած ջրանուազում եւ մարմնական ընդհանուր փլուզում.
2. Հաստ աղիքի արտանկում (prolaps).
3. Աղիքային մանրէական երկրորդական բորբոքումներ.
4. Աղիքային մեծ խոցեր եւ մեծածաւալ արիւնահոսում ու սակաւարիւնութիւն.
5. Աղիքներու ծակում եւ ներորովայնային բորբոքում (peritonitis).
6. Լեարդի վարակում, որ կը պատահի մասնաւորապէս Ամիպայով յառաջացած թանչի պարագային:
Թանչը տեղի կ՛ունենայ խճողուած եւ ոչ առողջապահական պայմաններու մէջ ապրող հաւաքականութիւններու մէջ:
Անիկա տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով.
1. Համաճարակային (epidemic ) ձեւով, որ առաւելաբար կը զարգանայ անչափահասներու մօտ.
2. Տարաճարակային (endemic) ձեւով:
Արիւնալուծը կանխագիլելի է հետեւեալ առողջապահական միջոցառումներով.
1. Սննդանիւթերը՝ մանաւանդ բանջարեղէնները, եւ պտուղները ուտել լաւ լուալէ ետք.
2. Արտաքնոցէն ելլելէ առաջ ձեռքերը օճառով լաւ լուալ.
3. Թանչով ախտահարուած անհատին-թանչակալին անկողինը, սաւանը, բարձը, անձեռոցը, դգալը, պատարաքաղը եւ դանակը չգործածել.
4. Թանչակալէն հեռու մնալ, անոր բաղնիքը չգործածել.
5. Թանչակալին սաւանները եւ հագուստները օճառով եւ եռացած ջուրով լաւ լուալ.
6. Թանչի տարաճարակային շրջաններէ հեռու մնալ: