ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Գրաբարի դասապահերէն մնացած յիշատակ է այս, որուն ուսանելի դասը շա՜տ աւելի ուշ իմացայ, երբ արդէն կեանքի դասընթացքը սկսած էր, դպրոցականի փոխարէն, ուր ոչ մէկ աշակերտ գրաբար լեզուի ծանօթութիւն ունէր:
_ Անձը իր նմանը կը գտնէ:
Հոգեբանական իրավիճակի «ձգողութիւն»ը պէտք է անուանել այս կացութիւնը, որովհետեւ նախասիրութեան, նախընտրութեան, ճաշակի ու սիրոյ քաշողականութիւնը այնքան զօրաւոր ուժ է, որ անպայման պիտի ձգտի իր տեսակին, ու ցանկայ հասնիլ անոր:
Կենդանական աշխարհը ամէնէն հեշտ օրինակն է, ցոյց տալու տեսակներու ձգողութիւնը, երբ տուեալ կենդանին իր տեսակի հակառակ սեռին նկատմամբ ունեցած սեռային բնազդը կ՛արտայայտէ, անմիջական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով:
Մարդու կեանքի պատկերները դիտած ժամանակ, «մէկը գտնել» բացատրութիւնը յաճախ կը տրուի, «կեանքի ընկեր գտնել» հասկացողութեան փոխարէն: Իսկ այդ գտնողները եւ գտնուածները ըստ հանրային կարծիքին՝ պէտք է համապատասխան ըլլան իրարու: Ծիծաղելի զոյգերու, թէ ներդաշնակ ամուսիններու, կամ՝ անհամեմատելի արտաքինով զոյգերու, թէ համաչափ ֆիզիքականով ամուսիններու շատ կարելի է հանդիպիլ: Առաջիններու պարագային, եթէ այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհը լուռ մնալ կը սորվեցնէ, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն ու ազատութիւնը, միւս կողմէ սակայն, երկրորդները ուսանելի գտնելով, կը թելադրէ հետեւիլ անոնց օրինակին: Երբեմն, սակայն, այս երկրորդներու պարագային այնքան իրարու յարմարութիւն կը տեսնեն մարդիկ, որ կը փորձեն բարձրաձայնել անոնց օրինակը, ու տարածուած ասոյթներով մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել իրարու չափազանց յարմարած զոյգին վրայ, ըսելով. «Կափարիչը գլտորուելով-գլտորուելով, իր սանը գտած է…»: Սա անշուշտ երգիծական արտայայտչաձեւ է, սակայն ունի նաեւ խորունկ իմաստ, թաքնուած այդ երգիծանքի ետին:
Պոռնիկին այլ պոռնիկի հետ բարեկամութիւն ընելուն մէջ ի՞նչ անպատեհութիւն կայ: Կամ, գողին գողերու խումբի անդամակցութեան պարագային ինչո՞ւ զարմանալ: Չէ որ անոնք նոյնանման շահեր կը հետապնդեն, իսկ պոռնիկներ՝ նոյն եկամտաբեր բայց անձնավաճառ ճանապարհը ընտրած են իրենց կեանքին համար: Ուրեմն, ինչո՞ւ վշտանալ, կամ ուրիշի հաշուոյն տագնապիլ, երբ անոնք իրենց սեփական կեանքին վերաբերող արարքներ կը գործեն, ու անձնապէս պատասխանատու են այդ բոլորին համար: Իսկ անոնց ընտրած բարեկամները ինչո՞ւ պիտի վշտացնեն կամ մտահոգեն ուրիշները:
Սուրբը իր սրբութեան ճամբուն պէ՛տք է հրաւիրէ ուրիշները, ատիկա առաքելութիւն է սրբազան եւ աստուածատուր: Մինչ, ուրիշները վատ ուղղութեան հրաւիրողներու գործելաոճը գայթակղութիւն կը կոչուի, որ արդէն իսկ մեղք է, անմեղ հոգիներու գայթումին եւ փճացման յանցանքով:
Ուղղամիտ ու արդար մարդիկ վերոյիշեալ մարդոց կեանքը տեսնելով, կամ մինչեւ իսկ իրենց վրայ անոնց անարդար ոտնձգութիւնները զգալով, կը բարկանան այն անձերուն, որոնք վատ մարդոց հետ ընկերութիւն կ՛ընեն:
_ Ինչո՞ւ կը բարեկամանաս այդպիսի մարդոց հետ:
_ Ինչո՞ւ անոնց տունը կ՛երթաս:
_ Ինչո՞ւ բարեւեցիր այդ վատահամբաւ մարդուն:
_ Ինչո՞ւ այդ ամբարիշտին խաղի ընկերը կ՛ըլլաս:
_ Ինչո՞ւ ճաշի գացիր այդ անպարկեշտ մարդուն հետ:
Ահաւասիկ բողոքարկու արտայայտութիւններ, որոնցմով զինուած, մարդիկ կը կշտամբեն յատկապէս իրենց ծանօթները, ու յանցապարտ կը համարեն զանոնք: Հասկնալի է անշուշտ անոնց ներքին տագնապը ու մտահոգութիւնը: Անոնք չե՛ն ուզեր, որ իրենց հարազատը կամ նոյնիսկ պարզ ծանօթը վնասուի կամ տարուի այն ուղղութեամբ, որ զիրենք դէպի կործանում պիտի առաջնորդէ: Խորքին մէջ, նախազգուշութեան կոչեր են վերոյիշեալ արտայայտութիւնները, մեղադրանքներ ըլլալէ աւելի: Ուրիշ խօսքով, ենթական իր սիրած անձը պարսպապատելով, կ՛ուզէ վտանգէ զերծ պահել զայն, եւ ո՛չ թէ բոլորովին մեկուսացնել ու ընկերութեան կեանքէն անջատել ու հեռացնել:
Վերաբերուելու այս կերպը, սակայն, ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Գրաբարի դասընթացքին ատեն տրուած հաստատականը մեծ դեր կրնայ կատարել, հանգստացնելու համար այս հարցով տառապող հոգիները:
_ Նման զնման գտանէ:
Պէտք չէ՛ տառապիլ մարդոց ազատ ընտրութեան ի տես: Մարդ անպայման հանգիստ ու խաղաղ ընկերակցութիւնը կը սիրէ: Մէկուն համար շատ խճողուած կամ անհանգիստ թուացող միջավայրը, ուրիշին համար հաճելի եւ ընկերային կրնայ ըլլալ, եւ՝ գնահատելի: Իւրաքանչիւր անձ իր ստացած կազմաւորման համապատասխան ընկերներ կը փնտռէ: Եթէ իր մանկութեան փողոցային ընկերներ շատ ունեցած է, մեծնալէ ետք այդպիսիներու ընկերակցութենէն հաճոյք պիտի ստանայ, այնպէս ինչպէս երբ մարզասէրներու հետ ընկերութիւն ըրած է մանկութեան ու զանազան խաղերու մասնակցած, մինչեւ վերջ ալ զինք հետաքրքրող բնագաւառ պիտի մնայ մարմնամարզը, իր խաղերու այս կամ այն տեսակով:
Մարդիկ իրենց նմանը կը փնտռեն: Անոր մէջ կը նային ու իրենց անձը կը տեսնեն, հայելիի մէջ զայն տեսածի նման: Հարազատութիւնը այլ տեղ այնքան ուժեղ չի՛ ներկայանար, ինչքան այս պարագային, որովհետեւ մարդիկ կը սիրեն նաեւ նոյնանալ իրենց նմանին հետ: Կ՛ըսեն, որ երկար տարիներ իրարու հետ ամուսնացած զոյգը, որ սիրով ու համերաշխութեամբ կիսած է իր կեանքը իրարու հետ, երթալով կը սկսի աւելի՛ իրարու նմանիլ ո՛չ միայն խառնուածքով, այլ նաեւ ֆիզիքապէս:
_ Նման զնման գտանէ: Այսպէ՛ս պիտի սորվեցէ քեզի գրաբարի դասագիրքը, եթէ տակաւին չհասկցար, որ մարդիկ իրենց նմանը գտնելէ ետք, քու խրատականներուդ կամ զգուշացումներուդ կարիքը չեն ունենար: Այդ ամէնը կը նկատեն նախանձի արտայայտութիւններ կամ սոսկ աւելորդաբանութիւն: Օրինակով տուած ըլլալու համար ըսուածներուն բացատրութիւնը, կարելի է ըսել, թէ երբ մէկը գետնէն ոսկիի կտոր գտնէ, անոր վրայ եղած կեղտէն զինք զգուշացնող բարեկամին շատ կարեւորութիւն չի՛ տար, այլ իր ձեռքը եղած ոսկիէն օգտուելու մասին միայն կը մտածէ: Նոյնպէս ալ, իր նմանը գտած մարդը, երբեք կարեւորութիւն չի՛ տար բարեսիրտ ընկերներու նախազգուշութիւններուն, ու զանոնք անկարեւոր արտայայտութիւններ համարելով, ընդհակառակը, խրատատուներուն հետ իր կապերը կը խզէ, աւելի ազատ ապրելու համար իր նմանին հետ:
Դաստիարակութեան ճամբով շա՜տ դժուարաւ ուղղութիւն կը տրուի երբեմն, յատկապէս պատանեկան տարիքի մէջ եղողներուն, հեռանալու չար ընկերներէ: Սակայն կը տեսնենք դարձեալ, որ չափահաս տարիքի մէջ անոնց հոգին շուտով կը փարի իրենց նմանին, հաճոյանալով նմանի ընկերակցութենէն:
Եթէ ամբողջական ազատագրում չկայ, ուրեմն ինչո՞ւ բախտի բնականոն ընթացքին դէմ թումբ կանգնեցնել:
Պէտք է թողուլ, որ անձը իր նմանը գտնէ եւ հանգստանայ վերջնականապէս, հանգիստ թողելով մանաւանդ իր շրջապատը, ու ճշմարտելով «Նման զնման գտանէ» բարոյական հաստատումը: