– Նոյեմբեր 1ին, զինեալ մը կրակ բացաւ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին մէջ՝ սպաննելեով պահակ մը եւ վիրաւորելով վեց ուրիշներ, նախքան ձերբակալուիլը:
– Պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան զինուորական թեւը՝ «Քասամի ջոկատներ»ը, հաղորդեց, թէ Նոյեմբեր 1ին, իսրայէլեան բանակին հետ բախումներու ընթացքին իր շարքերուն մէջ 4 զոհ արձանագրուած է: Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Կազայէն յարձակումի մը հետեւանքով, իսրայէլացի հինգ զինուորներ վիրաւորուած են:
– Թեհրանի մէջ այս շաբթուան ընթացքին սկսած են վար առնուելու Միացեալ Նահանգներու դէմ ուղղուած պաստառներ եւ վահանակներ: Դէտեր Թեհրանի այս քայլը կը կապեն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութեանց որոշ ջերմացումին: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Հասան Ռուհանի վերջերս նամակներ փոխանակած են:
– Հոկտեմբեր 31ին, Թուրքիոյ խորհրդարանը ապրեցաւ պատմական օր մը, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով չորս կին երեսփոխաններ, որոնք անդամ են իշխող կուսակցութեան, կրցան խորհրդարանի նիստին մասնակցիլ լաչակներով, որովհետեւ Ժողովրդավարացման ծրարը նման արտօնութիւն շնորհած էր անոնց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.