Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Հոկտեմբեր 31ի առաւօտեան, ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Մայք Խարապեանին:
Աւելի քան ժամ մը տեւած խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու նախաձեռնութիւններ:
Թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ կուսակցութեան կեդրոնական մարմինը կարեւորութեամբ շեշտեցին Ցեղասպանութեան 100ամեակը միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ նշելու անհրաժեշտութիւնը. անոնք յատկապէս ընդգծեցին հայ ժողովուրդի պահանջատիրական կեցուածքը ամուր կերպով արտայայտելու ու անոր գործնական արտայայտութիւն տալու հրամայականը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.