Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ իր ընտրութեան առիթով ընդունեց շնորհաւորութիւններ: Լիբանանահայ գաղութի ազգային, պետական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ մարզերը ներկայացնող անձնաւորութիւններ շնորհաւորեցին նորընտիր առաջնորդը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր իր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.