Հայաստանի պետական ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ Նոյեմբեր 7ին, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Քանատայի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ համաձայնագրին՝ երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագիրներ եւ արխիւային փաստագրրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու: Համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ պիտի ըլլայ Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան:
Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ:
Թանգարանը նաեւ ընթացքին մէջ է մշակելու յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը, որուն նպատակն է Քանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:
Նշենք, որ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012ին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժէլա Քասի եւ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր քանատահայութեան հասարակական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին առաքելութիւնը: Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007ին եւ պիտի աւարտին 2014ին: 2007ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայիս աշխատանք կը տանի նահանգային կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցումը ներառելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կը ծրագրէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ծրագիրները՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Քանատայի միացեալ մարմինի համագործակցութեամբ:
Նշենք նաեւ, որ Քանատայի խորհրդարանը 2004ին ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ ներկայ վարչապետ Սթիւըն Հարփըր 2006ի Ապրիլ 19ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը հաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.