
Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ ընթացք առաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կազմակերպած յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու երկխօսութիւնը, որ կ՛աւարտի Չորեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հանդիպումներ թուրք լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու հետ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ պոլսահայ համայնքի կեդրոններ:
Մէկ շաբաթ տեւող ծրագիրին ընթացքին նաեւ նախատեսուած է երկօրեայ այցելութիւն Տիգրանակերտ, ուր ծրագիրին մասնակիցները հանդիպում պիտի ունենան Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի հետ, ինչպէս նաեւ քաղաքի օրաթերթերէն ներկայացուցիչներու հետ եւ պիտի այցելեն Ս. Կիրակոս եկեղեցի:
Հայաստանէն ծրագիրին կը մասնակցին «Կենտրոն» պատկերասփիւռէն, Media.am-էն, «Հետք»էն, «Սիւիլնեթ»էն, Հայաստանի պետական ձայնասփիւռի կայանէն, «Ճէյնիուզ»էն եւ «Արմնիուզ»էն ներկայացուցիչներ:
Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ֆինանսաւորումով տեղի ունեցող իր տեսակին մէջ 5րդը եղող ծրագիրին նաեւ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին սփիւռքէն Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի եւ Պոսթընի «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»ի «Քննական Ոսպնեակ» խմբակի անդամը: