
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլին եւ դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Պ. Տեւտարիանին՝ վերջինիս Հայաստանի մէջ հաւատարմագրման առիթով: Նախարարին հետ հանդիպումէն ետք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան կեդրոնին մէջ կայացած է վարչութեան պետ Լ. Այվազեանի հանդիպումը նորանշանակ ռազմական կցորդին հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են հայ-վրացական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ նախանշուած են համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները: