Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Նոյեմբեր 9ին, Հնդկաստանի Չենայի քաղաքին մէջ պիտի սկսի ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսի մրցաշարքը՝ Վիշուանաթան Անանտի )Հնդկաստան) ու Մակնուս Քարլսընի )Նորվեկիա) միջեւ, իբրեւ գլխաւոր իրաւարար ունենալով Աշոտ Վարդապետեանը։ Մրցումները պիտի շարունակուին մինչեւ Նոյեմբեր 29։
Միջազգային կարգի մրցավար Աշոտ Վարդապետեան, աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցավարներէն մէկը կը նկատուի։
Անանտ պիտի փորձէ պահպանել իր տիտղոսը, այլապէս՝ աշխարհի նոր ախոյեան պիտի դառնայ ներկայիս աշխարհի թիւ մէկ ճատրակի վարպետը՝ Քարլսընը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.