
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Ռազմական գործողութիւնները, մասնաւորաբար այս պահուս, կրնան դիտարկուիլ միայն որպէս խաղաղ գործընթացը խափանելու փորձ», տարածաշրջան տուած իրենց այցելութենէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ զգուշացուցած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները (Իկոր Փոփով՝ Ռուսիա, Ժագ Ֆոր՝ Ֆրանսա եւ Ճէյմզ Ուորլիք՝ Միացեալ Նահանգներ)։
Նախանցեալ օր Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք՝ ամփոփելով իրենց տարածաշրջանային այցելութիւնը, միջնորդները հրապարակած են յայտարարութիւն մը:
Տեղեկացնելով իրենց այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին՝ համանախագահները նշած են, որ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր:
«Նախագահները վերահաստատեցին 2013 թուականի Նոյեմբերին հանդիպելու իրենց մտադրութիւնը՝ կարգաւորման գործին առնչութեամբ իրենց դիրքորոշումները յստակացնելու եւ յառաջանալու ուղին քննարկելու համար: Համանախագահները կը շարունակեն աշխատանքները՝ յառաջիկայ գագաթաժողովը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն իրենց գտնուած վայրերուն, ինչպէս նաեւ իրենց հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ զուսպ ըլլալու: Ռազմական գործողութիւնները, մասնաւորապէս այս պահուս, կրնան դիտարկուիլ միայն որպէս խաղաղ գործընթացը խափանելու փորձ», հաստատուած է յայտարարութեան մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի հասարակութեան հետ կապերու գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան այս գծով «Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Համանախագահների յայտարարութիւնները, որոնք ուղղուած են բոլոր կողմերին, այդ թւում՝ Արցախին, խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու խնդիրը, գնահատում եմ դրական: Նոյնիսկ անուղղակի ձեւով ընդգծելով Արցախեան կողմի դերակատարութիւնը, նշանակում է, որ Արցախը եւս բանակցային գործընթացի կողմ է, չնայած, Արցախի մասնակցութիւնը դէ իւրէ վերականգնուած չէ»։
«Միւս կողմից, միջնորդներն Ադրբեջանի հետ դեռ երկար աշխատանք պէտք է տանեն, քանի որ այդ երկիրը հրաժարւում է զերծ մնալ ֆաշիստական յայտարարութիւններից, ի վերջոյ, եկել է ժամանակը, որ միջնորդներն Ադրբեջանին պէտք է ցոյց տան իր յստակ տեղը: Կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ համանախագահները լաւատեսութիւնը չեն կորցրել եւ մեծ ջանքեր են գործադրում, պրոցեսը ճիշդ ուղով տանելու նպատակով», դիտել տուած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է համանախագահներուն լաւատեսութիւնը, ի՞նչ է անոր հիմքը, Դ. Բաբայեան նշած է. «Այդ լաւատեսութիւնն աւելի շատ պայմանաւորուած է նրանով, որ Հայաստանում, Արցախում եւ Ադրբեջանում ընտրական ցիկլն աւարտուել է, այսինքն՝ որեւէ ներքին զարգացում չի կարող խնդիրներ ստեղծել արտաքին քաղաքական հարցերի վրայ կենտրոնանալու համար: Եւ յետոյ, դժուար է պատկերացնել, որ համանախագահները կը յայտարարեն, որ սա այնպիսի բարդ խնդիր է, որ դժուար է կարգաւորել կամ այն 20 կամ 30 տարի յետոյ կը կարգաւորուի»: