
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 5 Նոյեմբերին Երեւան ժամանած է «Էյր Արմինիա» ընկերութեան երկրորդ օդանաւը՝ «Airbus 320»ը. ան եկած է Հոլանտայէն՝ շուրջ 4 ժամ 15 վայրկեան տեւած թռիչքէ ետք:
«Էյր Արմինիա»ի համասեփականատէր Վահան Յարութիւնեան «Փանորամա»ին յայտնած է, որ 15 Նոյեմբերէն ընկերութիւնը թռիչքներ պիտի կատարէ Ս. Փեթերսպուրկ, Սոչի, Կրասնոտար, իսկ Դեկտեմբերէն՝ Ռոստով ուղղութիւններով: Խօսելով ընկերութեան գնային քաղաքականութեան մասին՝ Յարութիւնեանը նշած է, որ «Էյր Արմինիա»ի շուկայ մուտք գործելէն ետք ռուսական մրցակից կազմակերպութիւնները վերանայած են իրենց գիներու քաղաքականութիւնը՝ զգալիօրէն նուազեցնելով զանոնք: