Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Տիգրան Գազանճեանէ (ատենապետ), Յասմիկ Աբրահամեանէ (քարտուղար) եւ Արեւիկ Գաբրիէլեանէ (խորհրդական), ընկերակցութեամբ Նիւ Եորքի մասնաճիւղի փոխատենապետուհի Աստղիկ Սեւակի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներ Անի Չաղլասեանի եւ Ֆլորա Գասպարեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեցին ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանին:
Խորապէս գիտակցելով կրթութեան ու ազգային մշակոյթի կարեւոր դերին, Շրջանային վարչութեան անդամները անհրաժեշտ կը համարեն շարունակ կապ հաստատել շրջանի հայկական կառոյցներուն հետ: Այսպէս, Համազգայինի ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրները ներկայացնելէ ետք առաջնորդին, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս հաստատեցին միութեան պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու եւ օժանդակելու մշակութային բնոյթի նախաձեռնութիւններուն:
Առաջնորդ Չօլոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին պարզուեցաւ, որ շարք մը մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին թէ՛ միութեան եւ թէ եկեղեցւոյ համար: Ամէնէն աւելի տագնապեցնողը, համայնքի զգալի հատուածի մը անտարբեր եւ անպատասխանատու կեցուածքն է հայկական համայնքային կեանքին հանդէպ:
Ապա, պատուիրակութիւնը, որ նախապէս նաեւ իր լիագումարը կատարած էր, այցելեց ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Կարէն Նազարեանին: Այս վերջինը ջերմ հիւրընկալութեամբ ընդունեց համազգայնականները, ապա ներկայացուց շարք մը կարեւոր նոր հրատարակութիւններ եւ ծրագիրներ: Կ. Նազարեան դրսեւորեց հայ համայնքին հանդէպ իր լուրջ եւ հոգածու վերաբերումը: Սոյն հանդիպումը աւարտեցաւ յառաջիկայ քանի մը ծրագիրները համատեղ ջանքերով իրականացնելու տրամադրութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.