
Մեր Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբերի թիւով (էջ 7) փոխանցած էինք «Շիքակոյի Մէջ Մահացած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը Վերապրած՝ 107ամեայ Հելէն Պալոյեանը» խորագիրով լուրը: Լուրի աղբիւրն էր «Փանորամա.ամ»ը (Panorama.am): Փալոյեանի (եւ ոչ՝ Պալոյեան) հարազատներէն մէկը մեզի հետ կապ հաստատելով տեղեկացուց, որ Հելէն ողջ է եւ անոր մահուան լուրը ապատեղեկատուութիւն է: Ուստի, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը ներողութիւն կը խնդրէ Հելէն Փալոյեանէն եւ անոր հարազատներէն՝ սոյն լուրը արտատպելուն համար:
«Շիքակօ Թրիպիուն» (Chicago Tribune) օրաթերթը, վերջերս հրապարակած էր «Շիքակօ Ապրող Հարիւրամեայ Հելէն Փալոյեանին՝ Հայկական æարդերու Վերջին Վերապրողին, Յարգանքի Տուրք Մատուցած Են» խորագիրով յօդուածը:
Օրաթերթը ներկայացուցած է Հելէն Փալոյեանի կեանքը՝ նշելով, որ վերջինս իր մականունը փոխած էր եւ կը կրէր Խերդեան մականունը: «Որբացած երեխան՝ Փալոյեանը, (ապա Հելէն Խերդեան), կը թափառէր փողոցներով՝ փնտռելով բնակելու վայր մը եւ ուտելիք: Ան Օսմանեան կայսրութեան զինուորներու կողմէ իր գիւղին վրայ յարձակման ականատեսը եղած է. նախքան զանգուածային սպանութիւնները, զորս շատ մը պատմաբաններ կ՛անուանեն Հայկական Ցեղասպանութիւն, Օսմանեան զինուորները տեղահանանած են տեղացիները», կը գրէ «Շիքակօ Թրիպիուն»ը:
Հելէն ծնած է 1906ին եւ ան չէր յիշեր, թէ ինչպէս իր ծնողները մահացած են: Սպանդի ժամանակ անոր երկու եղբայրները աքսորուած են ու անոր երրորդ եղբայրը ապաստանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Յետագային ան հանդիպած է իր երրորդ եղբօր, սակայն ոչ մէկ տեղեկութիւն կրցած է ունենալ միւս երկու եղբայրներուն մասին:
Առանձին մնալով՝ Հելէն ապրած է փողոցները, երբ կին մը զայն տարած է որբանոց, ուր ան մնացած է մինչեւ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտը: Պատերազմի աւարտէն ետք որբանոցը կը տեղափոխուի Սուրիա եւ Լիբանան:
Հելէնի Յունաստան ապրող զարմիկը՝ Յակոբ Հարտին, գտած է զայն պատահաբար: Անոնք մեկնած են Քիւպա, ուր Շիքակոյէն մարդ մը կը համաձայնի ամուսնանալ Հելէնի հետ, որպէսզի ան կարենայ մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ, սակայն տեղ հասնելէ ետք անոնք կ՛որոշեն շարունակել իրենց ընտանեկան կեանքը եւ չորս երեխայ կ՛ունենան: