
Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի դիմանկարներու ազգային պատկերասրահէն ներս բացուեցաւ հայազգի աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի գործերու ցուցահանդէսը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 27 Ապրիլ 2014։
«Ուաշինկթըն Սիթի Փէյփըր» թերթը այս առիթով կը գրէ, որ ցուցահանդէսին մէջ տեղ տրուած է 20րդ դարու երեք ամենաազդեցիկ այրերու եւ կիներու դիմանկարներուն։