
Ուսումնական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, մեր վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու համար անցեալ ամիս կազմակերպուեցան երկու սեմինար-աշխատանիստեր, որոնք կատարուեցան պրն. Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ:
Սեմինարներու կեդրոնական նիւթը հայերէնի ուսուցման մեթոտային սիստեմներն էին, որոնք ուղղուած էին մեր վարժարաններու ուսուցիչներուն:
Բացումը տեղի ունեցաւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ, եւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ պրն. Յարութիւն Քիւրքճեանին, որ ընդառաջեց Ուսումնական խորհուրդի հրաւէրին:
Աշխատանիստերը, ինչպէս ըսինք, տեղի ունեցան սիրայօժար կերպով՝ պրն. Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ, որուն փորձառութիւնը ծանօթ է բոլորիս հայերէն լեզուի ուսուցման մեթոտներու փոխանցման մէջ: Պրն. Քիւրքճեան հեղինակն է դպրոցական դասագիրքերու եւ տարիներու ընթացքին հրաւիրուած է հայաշատ գաղութներու դպրոցներու պատասխանատու մարմիններու կողմէ, ուղղութիւններ տալու տեղւոյն վարժարաններու դասաւանդման մեթոտային աշխատաձեւի մասին: Մեր վարժարաններու ուսուցիչներուն հետ այս առաջին երկու հանդիպումները, որոնք աշխատանիստի բնոյթ ստացան, տեղի ունեցան խանդավառ եւ դրական մթնոլորտի մէջ:
Ուսումնական խորհուրդը կը փափաքի շարունակել այս դրական աշխատանքը՝ որպէսզի կարենայ օգտակար հանդիսանալ սոյն տարեշրջանի ընթացքին ուսուցիչներու դասաւանդման գործելաձեւին, նորանոր դաստիարակչական ուղղութիւններ փոխանցելով անոնց: Ուսուցիչները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին, որ այս առիթը ստեղծուեցաւ՝ հետեւելու ուսուցման մեթոտներու:
Կը հաւատանք, որ Ուսումնական խորհուրդի աշխատանքներուն մաս կը կազմէ նման սեմինարներու կազմակերպումը, որոնք իրենց դրական նպաստը պիտի ունենան կրթական կեանքի վերաշխուժացման տեսակէտէն: Մեր մաղթանքն է, որ հայ գիրը եւ խօսքը, նոր եւ տարբեր մեթոտներու կիրարկումով, առաւել սիրելի դառնայ մեր նոր սերունդին եւ այս ձեւով թափ տրուի հայախօսութեան, մեր գաղութէն ներս:
Լիայոյս ենք, որ մեր այս աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջողութեամբ:
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ