ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հալէպի մէջ երկու օր առաջ Վիլլաներ կոչուած թաղամասին մէջ ռումբի պայթումի մը իբրեւ հետեւանք քանի մը հայ երիտասարդներ վիրաւորուած են։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած են Հալէպէն աղբիւրներ՝ նշելով, որ ռումբ ինկած է նաեւ «Արամ Մանուկեան» ազգային ակումբի մերձակայքը։
Վիրաւորուած երիտասարդները արդէն բժշկական անհրաժեշտ խնամքին ենթարկուած են, անոնց կեանքը վտանգուած չէ։ Տեղեկութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ նախորդ շաբաթ երկու հայեր՝ ցամաքի ճամբով Հայաստան երթալու ընթացքին, ընդդիմադիրներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ առեւանգուած են, սակայն փրկագինի վճարումէն ետք անոնք ազատ արձակուած են։
Հալէպի մէջ տիրող վիճակին մասին խօսելով՝ աղբիւրը յայտնած է, որ մեծ վտանգ կը ներկայացնեն յանկարծակի ինկող ռումբերը։ Հակառակ անոր, որ ելեկտրականութեան ու ջուրի մատակարարումը որոշ չափով բարելաւուած էին, սակայն վերջին երկու օրերուն ընթացքին ընդհատումները կրկին աւելցած են։ Միւս կողմէ, սակայն հաց ապահովելու դժուարութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը մատչելի գիներով վառելանիւթ կը տրամադրէ ընտանիքներուն։
Հայկական դպրոցները կը շարունակեն գործել, հայկական համայնքը կը փորձէ բնականոն կեանք ապրիլ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.