
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա դրական յոյսեր ունի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ շփումներու վերականգնումէն եւ պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու Արցախի տագնապի կարգաւորման գործին. Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18ին այսպէս ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք:
Ըստ «Ռիա Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան՝ Լաւրով յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց միջեւ ուղղակի կապերը կը վերականգնին, եւ՝ «մենք ամէն ձեւով պիտի օգնենք, ինչպէս արդէն ըսած եմ, անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման համար», որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ Արցախի հակամարտութեան լուծման:
Լաւրով նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստան պիտի այցելէ Դեկտեմբերի սկիզբը՝ աւելցնելով, թէ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին հետ բանակցութիւնները՝ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերեալ, կ՛ընթանան յաջողութեամբ: «Մենք ամէն ձեւով կ՛աջակցինք, որպէսզի անոնք աւարտին ժամանակին», ըսած է Լաւրով: