ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ամերիկեան օդային ու ծովային զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ դէմ իրագործուելիք հաւանական յարձակման մը կարելիութիւնը եւ մեր կեցութեան աւարտին «Մայրիներու Երկիրը» թակարդուելու մղձաւանջը, քանի մը շաբաթով յետաձգել տուին դէպի Լիբանան կատարելիք ճամբորդութեան մը ծրագիրը: Լաւ որ ալ միջազգային քաղաքական նենգ խաղերուն եւ ամերիկեան ռազմապաշտ շրջանակներու կիրարկած քաղաքական ոտնձգութիւններուն զոհ երթալով՝ չփախցուցինք հարազատի մը պսակադրութեան ներկայ գտնուելու ոսկի պատեհութիւնը: Երբ «Պրիթիշ Էրուէյզ»ի պատկանող սաւառնակը վայրէջք կատարեց «Ռաֆիք Հարիրի» ամայացած օդակայանը, հոն տիրող մեռելային լռութիւնը «ուրուական քաղաք»ի տպաւորութիւն թողուց այցելուներուս վրայ՝ մեզի յիշեցնելով քաղաքացիական տասնհինգամեայ պատերազմի մղձաւանջային օրերը:
Պէտք է խոստովանիլ, թէ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի կիրարկած դիւանագիտական ճկուն ու հեռատես գործունէութեան որպէս արդիւնք, թէեւ ազազուն, թէեւ խարխուլ ու դիւրաբեկ՝ համախոհութեան հասան հակադիր կողմերը՝ տարածաշրջանը զերծ պահելով կործանիչ պատերազմի մը աղէտալի հետեւանքներէն, որուն համար ալ հարսնեւորներու եւ միջին արեւելեան երկիրներու բնակչութեան անունով շնորհաւորագիր պէտք է յղել Ռուսիոյ հեռատես նախագահին:
Տակաւին բոլորին յիշողութեան մէջ թարմ են լիբանանեան քաղաքացիական տասնհինգամեայ պատերազմին գործած արհաւիրքը, Նիւ Եորքի ահաբեկչական քստմնելի արարքներու անմիջական հետեւանք հանդիսացող Իրաքի եւ Աֆղանիստանի երկարամեայ պատերազմներն ու անոնց հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական տագնապները, որոնց ծանր հետեւանքները տակաւին մինչեւ այսօր իրենց մորթին վրայ կը զգան միջին դասակարգի գործարար ամերիկացիները, հետեւաբար նաեւ՝ ԱՄՆի աշխատաւոր դասակարգը:
Միւս կողմէ, փա՛ռք Տիրոջ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քաղաքական ճկունութիւնն ու ողջմտութիւնը ցոյց տուաւ՝ կամովին հրաժարելով «աղքատ երկիրներու հիւլէական ռումբէն», իմա՝ քիմիական կազերու իր զինանոցէն, երբ իր երկիրի երդուեալ թշնամին՝ Իսրայէլը, ըստ փորձագէտներու գնահատանքին՝ հարիւրէ աւելի հիւլէական ռումբեր պահուած ունի իր զինանոցին մէջ, իսկ միջազգային օրէնքի հանդէպ իր զանցառումները՝ «ընտրեալ ժաղովուրդի» իր կարգավիճակին պէտք է վերագրել: Բան մը, որ մեզի նման միամիտ մարդիկը պիտի մղէ հարց տալու.
– Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի Արեւմուտքին կողմէ կիրարկուող «երկու չափ, երկու կշիռ» աչք ծակող սա որձեւէգ կողմնակալութիւնը, հրեային եւ անոր հարեւաններուն՝ Սուրիոյ ու Պարսկաստանի միջեւ: Եւ այդ մէկը՝ անվերապահ քաջալերութեամբը արեւմտեան իր (Իսրայէլի) դաշնակիցներուն… Եւ մտածել, թէ անկաշկանդ այս հարցադրումը կը կատարուի մէկու մը կողմէ, որ բոլորովին ազատ եղած է հակահրեայ եւ հակասիոնական նկրտումներէ…
Այո՛, պարտ էինք հարսնեւորներուն եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն անունով մեր երախտագիտութիւնը յայտնել նախագահ Փութինի եւ միւս դերակատարներուն, Միջին Արեւելքը փրկած ըլլալու համար երրորդ Աշխարհամարտի մը արհաւիրքէն: Եւ այդ արհաւիրքը, մասնաւորաբար Սուրիոյ պարագային՝ բիւր անգամ աւելի կործանարար պիտի դառնար, քան երկու տարիէ ի վեր դուրսէն հրահրուող քաղաքացիական արիւնալի ու անիմաստ պատերազմը, որ Սուրբ Գրեաց մէջ յիշատակուած ծաղկուն երկրի մը պատմական քաղաքները, որոնց շարքին՝ Պօղոս առաքեալին ծննդավայր հանդիսացող Թարսուսը, աւերակոյտի վերածեց:
Լիբանան մեր կեցութեան օրերուն, առիթն ունեցանք անձամբ վկայելու, թէ Սուրիոյ հայկական ծաղկուն գաղութը անմարդկային ինչպիսի՛ նեղ վիճակի մը մատնուած է ու գաղթական մարդու իր գոյութիւնը բերած է Պուրճ Համուտի անգործութենէ տառապող փողոցներու երկայնքին քաշկռտելու:
Հակադրուելով քաղաքականապէս տհաս ամերիկացի ժողովուրդին մօտ տիրող մարտական անգիտակ, անզուսպ ոգիին՝ շրջանի ժողովուրդը եւ անոր քաղաքական միտքը դրսեւորող մտաւորականութիւնը վերահասու ու գիտակից են, թէ մեծապետական երկիրներու շարքին, շրջանային ինչպիսի՛ մութ ուժեր կանգնած են Սուրիան, Իրանն ու Լիբանանը ապակայունացնելու փորձերուն ետին՝ շիին, սիւննին եւ միւս կրօնական փոքրամասնութիւնները իրարու դէմ հանելու եւ անոնց արեամբ ճապաղիք սարքելու նպատակով: Տակաւին՝ միլիոնաւոր անմեղ մարդոց տունը քանդելով՝ զանոնք վտարանդի դարձնելու:
Հակառակ հասարակ լիբանանցիին մօտ տիրող բարեդէպ մտածողութեան, Մայրիներու երկիրն ալ բոլորովին պաշտպանուած չէ հաւանական բռնկումի մը վտանգին դէմ: Անմիջական անցեալի դառն փորձը ցոյց տուած է, թէ երբ Սուրիան փռշտայ, արդէն իսկ վառօդի տակառին վրայ տուայտող Լիբանանը կը փոթորկի, փո՛ւլ կու գայ: Եկէք մենք զմեզ չխաբենք. ներկայ դրութեամբ՝ լուցկիի դաւաճան շիւղ մը բաւարար է ամբողջ տարածաշրջանը եւ մասնաւորաբար Լիբանանը ծայրէ ծայր բռնկեցնելու եւ քաղաքացիական արիւնալի կռիւներու գիրկը նետելու համար:
Այս բոլորին մէջ մենք դեռ չբացայայտեցինք թուրք պետութեան եւ անոր ղեկավարներուն բաժին ինկած հրձիգի լպրծուն դերակատարութիւնը: Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ողբերգութեան հրահրումին մէջ մեր կարծածէն շա՛տ աւելի մեծ դերակատարութիւն վերապահուած է լարախաղաց Էրտողանի կառավարութեան, որ անշղարշ ու դիւային յաճախանքով կը կատարէ այդ մէկը, այսպէս կոչուած՝ բիւրեղեայ, ուղղափառ իսլամականութեան վեհ գաղափարաբանութեան յաղթանակին համար: Ինչպէս ամէն օր առաւել ակնյայտ կը դառնայ, օսմանականութեան բացայայտ վերադարձը ապահովելու համար Թուրքիան պահ մ՛իսկ չի վարանիր մեծապետական իր ծրագիրները անգոսնող հարեւան երկիրները ապակայունացնել եւ անոնց տարբեր հատուածներուն միջեւ որոմ ցանել: Իսլամի տարբեր ճիւղաւորումներուն միջեւ արեան ճապաղիք սարքելու դիւային նպատակով, Թուրքիան իր սահմանները լայն-լայն բացած է ծայրայեղական հատուածներուն առջեւ: Այս պահուս, անիկա հրէշային իր գործելաոճը գործադրութեան դրած է՝ կործանելու համար ազատախոհ Պաշշար Ասատը, որպէսզի անոր տեղը գրաւել յաւակնող ծայրայեղական ղեկավարութիւնը կուրօրէն իրեն ենթարկէ: Թուրքիան յոգնած ու խոցուած ըլլալ կը թուի Եւրոպական Միութեան դարպասին առջեւ երկար ու ապարդիւն սպասելէ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ վրայ գործադրուելիք ամերիկեան հաւանական յարձակումին ստեղծած խուճապին եւ ապակողմնորոշման իբրեւ հետեւանք, լիբանանեան տնտեսութիւնը հիմնովին տուժած է եւ գրեթէ կանգ առած: Հազարաւոր զբօսաշրջիկներ, հաւանական բախումներու ցնցումներէն մտահոգ՝ Լիբանան այցելութեան իրենց ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկած են եւ մեծ վնաս հասցուցած առաւելաբար զբօսաշրջութեան վրայ յենած երկրի տնտեսութեան:
Ճգնաժամը կը շարունակուի… Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Իսրայէլը Միացեալ Նահանգներուն դէմ քիթ-բերան սկսած են ծռելու, այն պարզ պատճառաբանութեամբ, թէ անիկա կը փորձէ Սուրիոյ եւ Իրանի հետ համախոհութեան գալ՝ քաջ գիտնալով, որ Ամերիկայի ժողովուրդը իր բացարձակ մեծամասնութեամբ դէմ է նորանոր արկածախնդրութիւններու մէջ նետուելու գաղափարին: