ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Համազգայինը կը տեղեկացնէ թէ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպած է «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» գրական մրցանակը, միակ տարբերութեամբ, որ այս տարի երկու մրցանակ նկատի առնուած է, մէկը վերապահուած յատուկ հայերէնով գրուած գործերուն, միւսն ալ անգլերէնով լոյս ընծայուած հայութեան մասին գործերու:
Այս մրցանակին կրնան մասնակցիլ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող կամ գործող ոեւէ անձ, որ ամէն տեսակի գրական գործ (վէպ, նորավէպ, բանաստեղծութիւն, թատրերգութիւն, եւայլն) պատրաստած է:
Կարեւորագոյն պայմաններէն մէկը այն է, թէ ներկայացնողը պէտք է ծնունդով հայորդի ըլլայ, կամ ալ ներկայացուած գործը հայութեան հետ կապ ունենայ:
Իւրաքանչիւր մրցանակակիր պիտի ստանայ 1500 տոլար:
Դատական կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ հինգ անձնաւորութիւններէն՝ դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Գուրգէն Արզումանեան (Քալիֆորնիա), Երուանդ Քոչունեան (Քալիֆորնիա) եւ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան (Քընեթիքըթ):
Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի համախմբումին:
Կարելի է տպուած գործը յղել հետեւեալ հասցէին՝ Hamazkayin Tololyan Prize Committee at 80 Bigelow Ave, Watertown, MA 02472, կամ ենամակի միջոցաւ PDF ձեւով՝
tololyan-award@hamazkayin-usa.org: Պայմանաժամն է Յունուար 31, 2014:
Նշենք, որ գրական քննադատ Մինաս Թէօլէօլեան տարիներ շարունակ եղած է «Հայրենիք»ի խմբագիր, իսկ իր կողակիցը՝ Գոհարը եղած է հայերէն լեզուի դասատու:
Այս մրցանակը կարելի եղած է իրագործել շնորհիւ Սան Ֆրանսիսքօ բնակող տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու առատաձեռնութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.