ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– «Վալլեքս» խումբի ընկերութիւններու տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի բաժինէն կը հաղորդեն, որ 12-13 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի «Վալլեքս Գարդեն Հոթել»ի խորհրդակցութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Զբօսաշրջութիւնը Ղարաբաղում» խորագիրով համաժողով: Համաժողովը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի շուրջ 50 առաջատար զբօսաշրջային ընկերութիւններու ղեկավարներ եւ այլ ներկայացուցիչներ, Ստեփանակերտի մէջ գործող երեք զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջային վարչութեան պետը, Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի փոխնախարարը եւ այլ պաշտօնեաներ, կազմակերպուած էր «Վալլեքս» խումբի պանդոկային-զբօսաշրջային գործունէութիւն ծաւալող միաւորներու տնօրինութեան նախաձեռնութեամբ:
Խորհրդաժողովի բացման խօսքով ներկաներուն դիմեց «Վալլեքս Գարդեն Հոթել»ի տնօրէն Միքայէլ Ղալումեանը, որ յոյս յայտնեց, որ նման հանդիպումները կը դառնան աւանդական եւ կը նպաստեն Ղարաբաղը զբօսաշրջային աշխոյժ եւ համապարփակ ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան «Արիէս Լիբեր», «Լեւոն թրա-ւըլ», «Սիդոն Թուր էնտ թրաւըլ», «Սիրով թրաւըլ», «Երեւան թրաւըլ», Ստեփանակերտի «Վարանդա թրաւըլ» ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Բանախօսները խօսեցան այն խնդիրներուն մասին, որոնք կը խոչընդոտեն ղարաբաղեան զբօսաշրջութեան զարգացման: Այդ հարցերէն է Երեւանէն հեռաւորութիւնը եւ ոլորապտոյտ ճամբաներու անբարեկարգ վիճակը, որ կը վանէ յատկապէս արտասահմանեան զբօսաշրջիկը: Ասոր լուծման ուղիներէն մէկը կրնայ ըլլալ փոքր օդանաւերու դրութեան զարգացումը, ուղղաթիռներու կանոնաւոր թռիչքներու կազմակերպումը: Խոչընդոտներու կարգին նշուեցաւ նաեւ արտերկրի մէջ Ղարաբաղի մասին ոչ լիարժէք տեղեկատուութեան առկայութիւնը եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող հակաքարոզչութիւնը: Խօսուեցաւ նաեւ այն մասին, որ Ղարաբաղի մէջ զբօսաշրջային պատշաճ մակարդակի ծառայութիւններ մատուցող ընկերութիւնները քիչ են, չկան ազգային խոհանոցի արտադրութիւններ հրամցնող ճաշարաններ եւ զբօսաշրջութեան զարգացումը խթանող այլ բաղադրիչներ: Ոլորտի մասնագէտները այնուամենայնիւ նշեցին, որ այդ խնդիրները պէտք չէ խանգարեն իրենց ջանքերը, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին այսուհետեւ աւելի աշխոյժ կերպով աշխատելու Ղարաբաղի մէջ: Բաւարար թիւով պանդոկներ ապահովելու իմաստով արդէն զգալիօրէն բարելաւուած է վիճակը. կան 1000 պանդոկային սենեակներ: «Վալլեքս Գարդեն Հոթել»ի պանդոկային բարձրակարգ պայմանները արդէն կարելիութիւն կու տան վստահօրէն Արցախ հրաւիրելու ամէնէն խստապահանջ զբօսաշրջիկն անգամ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետը՝ ամփոփելով խորհրդաժողովը, նշեց, որ վերջին տարիներուն լուրջ փոփոխութիւններ նկատելի են այս ոլորտին մէջ, եւ կառավարութիւնը կը փորձէ աշխատանքներ իրականացնել՝ ոլորտի զարգացումը խթանելու նպատակով: Սակայն նշեալ խնդիրներու յաղթահարման համար ան անհրաժեշտ նկատեց Հայաստանի զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու աշխոյժ գործունէութիւնը, քանի որ, ըստ պաշտօնական վիճակագրական տուեալներու, տարեկան 15,000 զբօսաշրջիկի այցելութեան պարագային, ոչ մէկ անձնական ընկերութիւն կրնայ լուրջ ներդրումներ կատարել ոլորտին մէջ:
Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման լուրջ ներուժ նկատուեցաւ տակաւին Արցախ չայցելած Հայաստանի բնակիչներու մեծ թիւը: Յառաջիկային պիտի մշակուին ծրագիրներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ կարճատեւ ու մատչելի զբօսաշրջային յայտագիրներ առաջարկել Հայաստանի բնակիչներուն՝ հնգօրեայ արձակուրդ անցընելու Արցախի մէջ։ Քննարկուեցաւ նաեւ որակեալ զբօսավայրերու պատրաստութեան խնդիրը: Նոյեմբեր 12ի համաժողովին մասնակիցները այցելեցին «Արցախ բրենդի քոմփանի» ընկերութիւնը, ծանօթացան ոգելից խմիչքներու արտադրութեան եւ համտեսեցին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.