
Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ 20 Նոյեմբերին տեղի ունեցած է ԱՊՀ անդամ-պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստը: Կառավարութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմով հանդիպումէն ետք ընթացք առած է ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են ԱՊՀի ծիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է ԱՊՀ երկիրներուն միջեւ Ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրի իրագործման ընթացքին, ուժանիւթային աղբիւրներու օգտագործման եւ արտադրութեան, նաեւ այլ հարցերու:
Նիստին ընթացքին ստորագրուած են շարք մը համաձայնագիրներ՝ ԱՊՀ անդամ-պետութիւններու տնտեսավարող կառոյցներու խորհրդատուական հաշուետուողականութեան, տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման, մաքսային, վիճակագրութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ շարք մը համաձայնագիրներու մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին որոշումներ տրուած են:
Քննարկուած եւ հաստատուած են 1941-1945 թուականներու Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին տարուած յաղթանակի 70ամեակին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններու ծրա-գիրը, մինչեւ 2020 թուական զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ռազմավարութիւնը, ուժանիւթի վերականգնման աղբիւրներու օգտագործման հայեցակարգը, միջազգային երիտասարդական համագործակցութեան ռազմավարութեան իրականացման 2014-2015ի ձեռնարկներու ծրագիրը եւ այլն։
Նիստին ընթացքին որոշուած է ԱՊՀ անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը կայացնել Մայիս 2014ին, Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ։