
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Սանթ Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին հետ: Զրուցակիցները զանազան հարցերու եւ նիւթերու կողքին անդրադարձած են նաեւ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացին, մասնաւորապէս յառաջիկային նախատեսուող աշխատանքներուն։
Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ քննարկած են երկու դաշնակից երկիրներուն փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր։
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն ղեկավարները կարեւոր նկատած են երկու պետութիւններուն միջեւ տնտեսական, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ բնագաւառներուն մէջ համատեղ ծրագիրներու յաջող իրականացումը եւ նոր նախագիծերու մշակման ուղղութեամբ աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովումը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները համաձայնած են շարունակել երկկողմանի հանդիպումները, որոնք պիտի ծառայեն քննարկելու հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն առնչուող ծրագիրներն ու հարցերը:
Երեկոյեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Երեւան: