ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ծխախոտի տարածման դէմ պայքարի ծիրին մէջ Հայաստան համապատասխան օրինագիծ պիտի որդեգրէ՝ ծխախոտային արտադրութիւններու ծանուցումը, վաճառքի խթանումն ու հովանաւորութիւնը արգիլելու նպատակով: Կառավարութիւնը 21 Նոյեմբերի իր նիստին պիտի քննարկէ «Գովազդի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը:
Նախագիծի հիմնաւորման համաձայն, անոր ընդունումով պիտի գործադրուի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Ծխախոտի դէմ պայքարի ուխտին վերաբերող պարտաւորութիւնը, մանաւանդ որ Հայաստան անդամ է այդ կազմակերպութեան: Բացի ատկէ, ասիկա պիտի հանդիսանայ ծխախոտի դէմ պայքարի, ծխախոտի տարածուածութիւնը կրճատող հզօր գործօն:
«Բոլոր փաստարկները, թէ իբր գովազդը չի նպաստում նոր ծխողների ներգրաւելուն, որ ծխախոտի գովազդն ուղղուած է միայն ծխողներին տեղեկատուութիւն տրամադրելուն, ամբողջովին անհիմն են: Թերթերը, ամսագրերը, ինտերնետը, ցուցատախտակները, գովազդային վահանակները վաճառակէտերում, խանութներում եւ այլ տեղերում իրականացուող խթանման միջամտութիւնները եւ այլն շատ մատչելի եւ տեսանելի են բոլորի համար, այդ թւում՝ դեռահասների», նշուած է հիմնաւորման մէջ:
Նախագիծը մշակուած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմի իրաւաբանական վարչութեան, հանրային առողջութեան բաժինի, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան պետական առողջաբանութեան եւ հակահամաճարակային տեսչութեան մասնագէտներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.