ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը կը գտնուի Անթալիա՝ մասնակցելու աշխարհի խմբային ախոյեանութեան։ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին համաձայն, Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան աւարտէն անմիջապէս ետք տղոց հաւաքականը մեկնեցաւ Անթալիա: Տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Լեւոն Արոնեան, Սերգէյ Մովսիսեան, Վլադիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, մարզիչ՝ Արշակ Պետրոսեան:
Աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 26 Նոյեմբերին եւ աւարտի 6 Դեկտեմբերին։ Մրցաշարքին կը մասնակցին 10 հաւաքականներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.