
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կալեան ընտանիքը ստանձնած է Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին հովանաւորութիւնը:
Բարեսիրութիւնը հիմնաքարերէն մէկը եղած է Կալեան ընտանիքին՝ սկսելով տէր եւ տիկին Չարլի եւ Ճուլիա Կալեաններէն ու հասնելով մինչեւ տէր եւ տիկին Քարլօ ու Ճիզել Կալեաններուն, տէր եւ տիկին Էնճըլօ եւ Լոռի Կալեաններուն եւ Մանիք Կալեանին:
Համայնքի երկարամեայ գործիչ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2010ի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Ժառանգութեան մրցանակ»ը ստացած Չարլի Կալեան միշտ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է ու կը շարունակէ ունենալ Հայկական Հարցի ջատագովման աշխատանքներուն մէջ:
«Իբրեւ Կալեան ընտանիքի նահապետը՝ Չարլի Կալեան հոյակապ օրինակ մը եղած է իր զաւակներուն եւ մեր բոլորին՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նեցուկ կանգնիլ ու սատարել համայնքին: Հայկական Հարցին իրենց շարունակական նուիրումն ու մեր տարեկան ձեռնարկը հովանաւորելու իրենց այս քայլը մեզ դարձեալ երախտապարտ կը դարձնէ՝ միաժամանակ ցոյց տալով, թէ Կալեան ընտանիքին համար որքա՛ն կարեւոր է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքը, որուն համար մեծապէս շնորհակալ ենք», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Չարլի Կալեան նախագահն ու հիմնադիրն է հագուստեղէնի «Մոնարք» համաշխարհային ընկերակցութեան: Կը թուի, թէ գործարարական կեանքէն ներս անոր արձանագրած յաջողութիւնները տարիներու ընթացքին աւելիով զօրացուցած են անոր ընտանիքն ու համայնքին նկատմամբ իր նուիրումը: Ան իր յաջողութիւններէն միշտ մաս մը հասցուցած է հայ համայնքին՝ շարք մը կազմակերպութիւններու նեցուկ կանգնելով: Շարք մը պատասխանատու այլ պաշտօններու կողքին, ան եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ ու պատուոյ նախագահը՝ իր կնոջ՝ Ճուլիային հետ, ՀՄԸՄի 29րդ Նաւասարդեան խաղերուն:
Ներկայիս, ան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի վարչութեան ատենապետն է:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 30ին, «Ռէյ Տոլպի» սրահին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ ItsMySeat.com/ANCAWR կայքին:
Կալեաններու Նման Մեծ Հոգիներ Հայ Ժողովուրդը եւ Հայոց Պատմութիւնը Չի Մոռնար.
Ինքնափուխ Կալեաններուն Նուիրումին եւ Գործին ծանօթանալով կը վերյիշնք
Ռաֆայել Պատկանեանի
Հայերուս Թուքը (բոլոր անտարբերներուն)
-Դուն խելոք, հաշուող վաճառական ես,
Մյուլք, փող ու ապրանք, կ’ասեն, շատ ունես,
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքէլ ենք քու ալ, փողիդ ալ վրան.
-Քաջ ես, լսել ենք, ինքդ մեծավոր,
Անուն յաղթողի ունիս Փառավոր,
Բայց թէ Թրէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքէլ ենք քու ալ, Թրիդ ալ վրան.
Ի վերուստ քանքար քեզի տուած է,
Հեղինակ անունդ աշխարհ փըռված է
Բայց թէ գրչէդ շահ չունի հայաստան,
Թըքէլ ենք քու ալ, գրչիդ. ալ վրան.
-Հեռատես մըտքով դուն զարդարեցար,
Հզոր իշխանի սիրելին դարձար,
Բայց թէ մտքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքէլ ենք քու ալ, մըտքիդ ալ վրան.
-Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը հորինես թանկագին բաներ,
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքէլ ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վրան.
-Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարճար,
Քարոզչի ստացար հըռչակ ու հանճար
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքէլ ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վրան.
-Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Քովքովըդ լըցուած է մարդոց բերան,
Բայց թէ ուսումէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքէլ ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վրան.
-Կուտամ քեզ պատիւ, կունենաս դու հարգ,
Ու կը դնեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչի գերեզման,
Միակ ձգտումդ լինի Հայաստանղ.
Ռաֆայել Պատկանեան