
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ մեկնած է: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, նոյն օրը ան այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն-2013»ի ծիրին մէջ գործող համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը կազմակերպող գլխաւոր գրասենեակ: Նախագահ Սահակեան ազդանշանը տուած է հանգանակային արշաւին, որուն հովանաւորութիւնը այս տարի ստանձնած են Ռոպերթ Կէտիկեանն ու իր դերասանուհի կինը՝ Արիան Ասկարիս:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի ողջ անձնակազմին՝ հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեանի գլխաւորութեամբ, նաեւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք անմիջական մասնակցութիւն կը բերեն հեռախօսամարաթոնին՝ ընդգծելով, որ Եւրոպայի հայութիւնը միշտ եղած է Արցախի կողքին, ըստ ամենայնի սատարելով Արցախի հանրապետութեան: