ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 2011ին Հայաստանի ազգային օդանաւորդութեան ընկերութեան կողմէ ստեղծուած է «Սքայ Նեթ» ընկերութիւնը: Անիկա այսօր ունի «Ճէթսթրիմ 32» անգլիական արտադրութեան 19 հոգինոց երկշարժիչ օդանաւ:
25 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Գրիգորի Վարդանեան դիտել տուած է, որ օդանաւը ատակ է թռիչքներ կատարելու 1200 քմ. հեռաւորութեամբ, ապահոված է օդանաւին բարձր անվտանգութիւնը: «Սքայ Նեթ» աւիաընկերութիւնը կոչուած է Հայաստանում մօտ ապագայում իրականացնել աւիափոխադրումներ՝ Երեւան-Կապան-Երեւան, Երեւան-Գիւմրի-Երեւան, Երեւան-Ստեփանաւան-Երեւան եւ նախկինում Հայաստանի տարածքում կառուցուած օդանաւակայանների վերագործարկման դէպքում միւս ուղղութիւններով: Ընկերութիւնը պատրաստ է նաեւ արտաքին չուերթներ իրականացնել՝ Վրաստան, Իրան», յայտնած է ան:
Գ. Վարդանեան յայտնած է, որ իրենց ընկերութեան առաջարկած ծրագիրներուն մէջ կան նաեւ զբօսաշրջային ծառայութիւններ Հայաստանի մէջ։ Ծառայութիւններուն արժէքն է՝ մէկ ժամը 1680 տոլար:
«Հայաստանում պէտք է զարգացնել քաղաքացիական, սանիտարական, տուրիստական աւիացիան: Դրա առաջին քայլերն արդէն արւում են», յայտնած է Հանրային խորհուրդի «Ֆինանսա-բիւջետային եւ տնտեսական հարցերով յանձնաժողով»ի նախագահ Վազգէն Սաֆարեանը:
Անոր համաձայն, Կապանի օդակայանը հաւանաբար մօտիկ ապագային սկսի գործել։ «Զրուցել եմ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենայի կոմբինատի տնօրէնի հետ, պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել, պէտք է որոշակի քայլեր անեն»։ Ան աւելցուցած է, որ Ջերմուկի օդակայանին գծով որոշ հարցեր կան։ «Կառավարութիւնը պէտք է որոշակի քայլեր ձեռնարկի, քանի որ Ջերմուկը կարեւորագոյն կենտրոն է՝ տուրիզմի զարգացման հետ կապուած»։ Ստեփանակերտի օդակայանի պարագային, հարցը քաղաքական լուծման կը կարօտի, դիտել տուած է ան։
«Այսօր արդէն դրական դինամիկա ենք նկատում, որ աւելանում են աւիաընկերութիւնները: Պէտք է հետամուտ լինել, որ Հայաստանում ներքին աւիացիան զարգանայ: Պէտք է պետութիւն-մասնաւոր գործընկերութիւնը դարձնել առարկայական գործառոյթ», եզրափակած է Վ. Սաֆարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.